Գանատայի դաշնակցային եւ Օնթարիոյի կառավարութիւններու ներդրումով սկիզբ առաւ 3.1 միլիոն տոլար արժողութեամբ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ընդլայնման նախագիծը   

Մարտ 12-ին, հեռակապով կայացած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին Գանատայի դաշնակցային եւ Օնթարիոյի կառավարութեանց ներկայացուցիչները յայտարարեցին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին սահմանուած պետական նպաստին ու ներդրումին մասին։   

Գանատայի Դաշնակցային կառավարութիւնը համայնքներու զարգացման նպատակաուղղուած Community, Culture and Recreation Infrastructure Stream (CCRIS) ծրագրով $1.7 միլիոն տոլար կը յատկացնէ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին, միաժամանակ, Օնթարիօ նահանգային կառավարութիւնը $1.4 միլիոն տոլարի ներդրում կը կատարէ նոյն նախագծին։

Արարողութեան սկիզբը, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի եւ Երիտասարդական կեդրոնի պատմականն ու համայնքային աշխատանքներու ծիրը ներկայացուց Քաթիա Տէր Յովակիմեանը։

Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Ճին Եիփ եւ Հան Տոնկ կարեւորութեամբ շեշտեցին Գանատայի համայնքներու մշակութային եւ ընկերային կարողականութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ բաձրօրէն գնահատեցին Թորոնթոյի հայ համայնքի մասնակցութիւնը համագանատական արժէքներու պահպանման գործընթացին մէջ։

Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ ֆորտ յայտնեց, որ կը նախատեսուի կեդրոնը օժտել նոր մարմնամարզանքի սրահով եւ յայտնեց, թէ կեդրոնի ներկայացուցիչներուն հետ հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ կեանքի կոչուեցաւ համայնքային այս նախագիծը։

Նահանգային խորհրդարնաի Տոն Վալի Նորթ ընտրատարածքի պատգամաւոր եւ ժառանգութեան, մարզական եւ մշակութային նախարարութեան խորհրդարանական օգնական Վինսընթ Քէյ շնորհաւորեց հայ համայնքը՝ պատմական այս իրադարձութեան առիթով։

Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան, նշեց, թէ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Գանատա ներգաղթած հայերը իրենց անսակարկ ներդրումը բերին Գանատայի հասարակութեան ընկերային զարգացման։ Արիս Պապիկեան փոխանցեց նաեւ Օնթարիօ նահանգի ենթակառուցուածքներու նախարար Լոռի Սքաթի շնորհաւորական մաղթանքները։

Հայ կեդրոնի նախկին նախագահ Սեւակ Քիւփէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց դաշնակցային եւ նահանգային իշխանութիւններուն եւ յայտնեց, թէ տասնամեակներ առաջ փոքրածաւալ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի համայնքը այսօր բազմաբեւեռ աշխատանք կը տանի, յատկապէս ընկերային ծառայութիւններու եւ կրթական ու մարզական բնագառաւառներէն ներս։ Ան յայտնեց, որ կեդրոնը յառաջիկայ տարուան ընթացքին կը նախատեսէ ընդլայնման ծրագիր, որուն իր ներդրումը խոստացած է բերել Թորոնթոյի պատուոյ հիւպատոս Վան Լափոյեան։

Հեռակապով հանդիպման մասնակից էին նաեւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Պրայն մէյ, Հայաստանի Հանրապերութեան Թորոնթոյի պատուոյ հիւպատոս Վան Լափոյեան, Հայ Կեդրոնի նախագահ Սեւակ Խօշեան եւ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յարութ Մաթոսեան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.