Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը հանդիպեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի վարչապետ Ճան Հորկանի հետ
Հոկտեմբեր 3-ին Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները մասնակցեցան Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի խորհրդարանի աշնանային նստաշրջանի բացման նիստին։
Պրիթիշ Գոլոմպիայի Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքսը բացման արարողակարգի ընթացքին ներկայացուց Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեանին եւ Վահէ Անտոնեանին եւ յայտարարեց, որ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներնը խորհրդարան կը գտնուին՝ իրազեկելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն դէմ շարունակուող բռնարարքները։
Խորհրդարանի նիստէն ետք, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը յատուկ հանդիպում ունեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի վարչապետ Ճան Հորկանի հետ, որ խոստացաւ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ շարունակուող ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագծին հարցը բարձրացնել Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի մօտ:
Վարչապետ Հորկանը յիշեց նաեւ այն տքնաջան աշխատանքը, զոր Հայ Դատի յանձնախումբը ի գործ դրաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին 2004-ի եւ 2006-ի օրինագիծերուն առնչութեամբ։
Վարչապետ Հորկան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց, որ յանուն Պրիթիշ Գոլոմպիայի կառավարութեան յայտարարութիւն հրապարակել՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան եւ ռազմական յանցագործութիւններուն։
Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը առիթ ունեցաւ նաեւ հանդիպելու գլխաւոր դատախազ Միւրէյ Ռանկինի, շարք մը նահանգային նախարարներու եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու հետ: