Գանատահայ վաստկաշատ ՀՄԸՄ-ականները (Եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան)
- (0)

1999-ին Ծառայութեան եւ 2025-ին Արժանեաց շքանշանակիր
1.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործեցիք ՀՄԸՄ-ի շարքերը։
1968 թուականին անդամակցեցայ ՀՄԸՄ Զահլէի մասնաճիւղին իբրեւ պասքէթպոլի մարզիկ, սակայն սկաուտական շարքերուն մաս չեմ կազմած, որովհետեւ այդ տարիներուն Զահլէի մասնաճիւղը սկաուտական բաժին չունէր:
2.- Պատմէ՛ դրուագ մը, զոր կը յիշես այդ օրերէն։
1988 կամ 1989 տարեշրջանի ընթացքին էր, ճիշդ չեմ յիշեր տարին, երբ վարչական էի ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի մասնաճիւղին, երէց տղոց ֆութպոլի խումբին մէջ մարզիկ մը կար, որ գրեթէ ամէն խաղի ընթացքին վիճաբանութիւն մը կ’ընէր, մի քանի անգամ նոյնիսկ այդ վիճաբանութիւնը կռիւի վերածուած էր եւ ոստիկաններ դաշտ եկած էին: Որոշեցինք, պատիժ մը սահմանել այս մարզիկին: Հրաւիրեցինք հարցաքննութեան եւ երբ հարց տուինք, ան ըսաւ. «Եղբայրնե՛ր, թեթեւ ֆաուլ մը ըրի, եւ դէմի մարզիկն ալ ոտքի ելլելով թքեց վրաս, որ շապիկիս ՀՄԸՄ-ի պէճին վրան եկաւ, ու ես այդ վայրկեանին լրիւ ինքզինքս կորսնցուցի ու իրեն ոտքերուս տակ առի: Եթէ դուք իմ տեղս ըլլայիք նոյնը պիտի չընէի՞ք»:
3.- Ի՞նչ պաշտօններ վարած ես միութեան մէջ։
1976-ին փոխանցուեցայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ, ուր ստանձնեցի զանազան պաշտօններ: 1977-էն 1981 մասնաճիւղի վարչական: Նոյն ժամանակամիջոցին մերթ ընդ մերթ պասքէթպոլի տղոց եւ աղջկանց խումբերու մարզիչ, ինչպէս նաեւ՝ Շրջանային Մարզական Յանձնախումբի եւ Շրջանային Ֆութպոլի Յանձնախումբի անդամ:
1986-ին հաստատուեցայ Գանատա եւ շուտով միացայ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի մասնաճիւղին: Մէկ տարի մարզական խորհուրդի որպէս անդամ, ապա 1988-էն 1992՝ մասնաճիւղի վարչական:
1993-էն 2011 ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ ատենապետ:
2013-ին փոխանցուեցայ ՀՄԸՄ-ի Լաւալի մասնաճիւղ:
2015-ին եւ 2019-ին երկու քառամեայ շրջան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղայ:
Փոքր տարիքիս, կեանքի պայմաններու բերումով, քիչ տարիներ յաճախած եմ հայկական դպրոց: Միշտ փառք տալով Աստուծոյ, որ առիթը ունեցայ մաս կազմելու ՀՄԸՄ-ին, այս հսկայական դպրոցին, ուր բարելաւեցի հայերէն խօսելու եւ գրելու կարողութիւններս եւ սնուեցայ ազգային եւ միութենական դաստիարակութեամբ:
4.- Ի՞նչ է ձեր մաղթանքը ներկայ ՀՄԸՄ-ականներուն։
Կոչ կ’ուղղեմ ծնողներուն, որ իրենց զաւակները փոքր տարիքէն առաջնորդեն ՀՄԸՄ-ի շարքերը: Հոն անոնք պիտի դաստիարակուին ամենագեղեցիկ գաղափարներով: Նայեցէք սփիւռքի մեր ազգային ղեկավարներուն եւ պիտի տեսնէք, որ անոնցմէ շատեր դաստիարակուած եւ անցած են ՀՄԸՄ-ի շարքերէն:
«Առողջ միտքը, առողջ մարմնի մէջ»: Մարզական միջազգային այս կարգախօսի կողքին, ՀՄԸՄ-ականը կը զատորոշուի իր ազգային յատուկ նկարագիրով, Հայաստանին ու հայութեան հանդէպ իր նուիրական պարտաւորութեամբ:
Հարցազրոյցը վարեց ՀՈՒՐԻՆԱՆ