Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները NDP-ի ղեկավարութեան հետ քննարկեցին Արցախի հարցը

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան-Չափանեան Վանգուվըրի մէջ մասնակցեցան դաշնակցային երեսփոխան Տոն Տէյվիսի քաղաքական գործունէութեան 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած հանրահաւաքին։

Ձեռնարկի ընթացքին անոնք հանդիպեցան Գանատայի Նոր Ժողովրդավարական կուսակցութեան (NDP) նորընտիր ղեկավար Աւի Լուիսին եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին անունով շնորհաւորեցին զինք իր ընտրութեան առիթով։

Անոնք նաեւ զրուցեցին երեսփոխաններ Տոն Տէյվիսի, Ատրիան Տիքսի եւ դաշնակցային ու նահանգային այլ ներկայացուցիչներու հետ՝ շնորհաւորելով վերընտրուած երեսփոխանները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով հայ համայնքին հանդէպ անոնց շարունակական զօրակցութեան համար։

Հայ Դատի ներկայացուցիչները անգամ մը եւս բարձրացուցին Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման կասեցման հրատապ հարցերը։

Հայ Դատի ներկայացուցիչները զրուցեցին նաեւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի նախկին վարչապետ եւ BC Hydro-ի վարչութեան ատենապետ Կլէն Գլարքի հետ՝ նահանգային վերջին ընտրութիւններուն եւ ուժանիւթի ոլորտի ծրագիրներուն շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի տնտեսական հեռանկարներուն եւ համայնքային հարցերուն։

Այս հանդիպումները առիթ հանդիսացան ամրապնդելու Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ տարիներու ընթացքին հաստատուած կապերը եւ շարունակելու Հայ Դատի աշխատանքները կառավարական տարբեր մակարդակներու վրայ։