Փոքրերու Պատմութեան Ժամուն իւրայատուկ սարդոստայններ պատրաստուեցան

Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու Պատմութեան Ժամի այս տարեշրջանի երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 30 հոկտեմբեր 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-7:00, «Կէօնճեան» կեդրոնին մէջ։

Ընթերցումէն առաջ, Ասօ Մախուլեանի շուիի ընկերակցութեամբ, փոքրիկները ունկնդրեցին հայկական մշակութային երգ մը՝ հաճելի եւ հայկական մթնոլորտի մը մէջ սկսելով իրենց հանդիպումը։

Այնուհետեւ, յանձնախումբէն Առլի Քելլէեան ներկայացուց «Սեւուլիկ Սարդը» պատմութիւնը։ Անոր պատմելու հետաքրքրական եւ իւրայատուկ ոճը անմիջապէս գրաւեց փոքրիկներուն ուշադրութիւնը։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան պատմութեան ընթացքին՝ միաժամանակ նոր գիտելիքներ ձեռք բերելով սարդերուն եւ անոնց առանձնայատկութիւններուն մասին։

Պատմութեան ընթերցումէն ետք, յանձնախումբին առաջնորդութեամբ, փոքրիկները մասնակցեցան ստեղծագործական աշխատանքին։ Անոնք հնարաւորութիւն ունեցան գործի դնելու իրենց երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական կարողութիւնները, պատրաստելով սարդին ոստայնը։ Տարբեր նիւթերու միջոցաւ եւ իրենց սեփական գաղափարներուն հիմամբ, իւրաքանչիւր փոքրիկ իր մասնակցութիւնը բերաւ այս զուարճալի աշխատանքին՝ ստեղծելով իր իւրայատուկ ոստայն-ը։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլորին իրենց ներկայութեան, խանդավառութեան եւ աշխոյժ մասնակցութեան համար։

Անհամբեր կը սպասենք ձեզ յաջորդ մեր հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 20-ին, միասին նոր պատմութիւն մը բացայայտելու եւ հաճելի պահեր անցընելու։


Սիլվի Օգճեան

ՓՊԺ յանձնախումբ