Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի «111 Բռնադատուած Հայ Բժիշկներ. 1920-1954» Գիրքը

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի մասին գրած եմ «Հայրենի բազմավաստակ բժիշկ-հոգեբուժ` Յարութիւն Մինասեան» խորագիրով «Բժիշկին Զ. խօսքը» գրքիս մէջ, որ հրատարակուեցաւ 2022-ի փետրուար ամսուն: Նոյն գրութիւնը լոյս տեսաւ նաեւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ, 21 յունուար 2022-ին:

Հայրենաբնակ բժիշկ-հոգեբուժ Յարութիւն Մինասեան հրատարակած է այս գիրքը (246 էջ) 2006-ին, Երեւան: Ան ձօնած է գիրքը պոլշեւիկեան եւ ստալինեան բռնապետութեան տարիներուն նահատակուած հայ բժիշկներու յիշատակին: Գիրքին յառաջաբանը գրած է հայրենի բանաստեղծ, ռազմական պատմաբան եւ  «Ուխտատուն» թանգարան-հիմնարկի տնօրէն` Սասուն Գրիգորեանը:

Գիրքին շապիկին լուսանկարը

Գիրքին տպագրութիւնը հովանաւորած են Հայ-ամերիկեան ընկերակցութեան կեդրոնի նախագահ, բարերար Օննիկ Մեհրաբեանը եւ ընկերակցութեան մշակութային կեդրոնի գործադիր տնօրէն Արսէն արք. Բերբերեանը:

Հեղինակը հանդէս եկած է նախ «Հեղինակի խօսքը»-ով եւ ետքը ներկայացուցած է 1920-1954 ժամանակաշրջանին 111 բռնադատուած  հայ բժիշկներու կենսագրութիւնը:

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան

Գիրքի վերջաւորութեան տեղադրուած են` բռնադատուածներուն հայերէն եւ անգլերէն անուանացանկը, «Վկայություններ սեփական ժողովրդի ոչնչացման մասին» ու «Մանկաբարձների եւ գինելոկների անդրկովկասեան 2-րդ համագումարի նիւթերից» գրութիւնները, հայերէնով գրքին ամփոփումը, անգլերէն լեզուով գրքին Abstract-ը, գրականութիւն եւ աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ հեղինակին հայերէն եւ անգլերէն լեզուով կենսագրութիւնը:

Կարդալէ ետք գիրքին յառաջաբանը, հեղինակին խօսքը եւ բժշկական մարզի մէջ գործող 111 բռնադատուած հայորդիներու կենսագրականները, կ՛ուզեմ ամփոփ կերպով խօսիլ այս գիրքին մասին իր ամբողջութեանը մէջ:

Գիրքը արդիւնքն է երեք տարիներու բծախնդիր պրպտումներու եւ ուսումնասիրութիւններու: Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան հաւաքած է հսկայական փաստագրական տեղեկութիւններ: Ան օգտագործած է 78 հայկական եւ ռուսական աղբիւրներ: Ան ոչ միայն արխիւներուն մէջէն գտած է այս տեղեկութիւնները եւ իրադարձութիւնները, այլ ան գտած է եւ տեսակցութիւններ ունեցած է բռնադատուած ու գնդակահարուած բժիշկներու ժառանգորդներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ:

Ան հաւաքած է տեղեկութիւններ` հանդիպելով եւ հարցազրոյցներ ունենալով ստալինեան բռնաճնշումներու զոհերուն անմիջական ժառանգորդներէն: Այս հարցազրոյցները դիւրին չեն եղած: Ան հանդիպած է շատ մը դժուարութիւններու: Ժառանգորդներէն շատեր վախնալով` չեն արտայայտուած, ուրիշներ տարեցութեան պատճառով շատ բան չեն յիշած եւ կամ սխալ տեղեկութիւններ տուած են: Մատնիչներու եւ զրպարտիչներու ժառանգորդներուն եւ հարազատներուն հետ հանդիպումներուն դէպքերուն  կենսագրականներուն մէջ բժիշկը խուսափած է հարազատներուն անունները յիշելէ: Ան տեսած է, որ մատնիչներուն եւ զրպարտիչներու մեծ մասը Ստալինի մահէն ետք հրաժարած են իրենց ցուցմունքներէն պատճառաբանելով, որ ձեռագիրները իրենցը չեն, եւ կամ անոնք ըսած են, որ իրենք մատնութիւնները եւ զրպարտութիւնները ըրած են ճնշումի, ծեծի, խոշտանգումներու, ահաբեկչութեան ենթարկուելէ ետք կամ աքսորուելու սպառնալիքի տակ:

Բժիշկը իրականացնելու համար այս աշխատանքը ուսումնասիրած է` ՀՀ Ազգային արխիւի, «Յուշամատեան» հայկական պատմա-լուսաւորչական ընկերութեան եւ «Ուխտատուն» թանգարան հիմնարկի արխիւները, ինչպէս նաեւ` շատ մը հիմնարկներու եւ կազմակերպութիւններու ու անհատ քաղաքացիներու անձնական արխիւները: Ան օգտագործած է նաեւ  հանրագիտարաններ, կենսագրական, փաստագրական, յուշագրական, գեղարուեստական գրականութիւն եւ պարբերական մամուլը: Ան կատարած է այցելութիւններ, տեսակցութիւններ, հարցազրոյցներ, ձայնագրութիւն, լուսանկարահանում: Հանդիպած է բռնադատուածներուն հետ, կամ անոնց հարազատներուն հետ, ունկնդրած է բոլորը, նոթագրած է, լսած` անոնց տխուր եւ աննկարագրելի յուշերը:

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան  միակը եղած է, որ աշխարհ լոյս բերած է այս քստմնելի տեղեկութիւնները: Քիչեր քաջութիւնը ունեցած են խօսելու, գրելու, արտայայտուելու եւ ի յայտ բերելու այդ ժամանակահատուածի իրականո-ւթիւնները: Միչեւ այս գիրքին հրատարակումը` խորհրդային տարիներուն իրապէս բռնադատուած, աքսորուած, աքսորավայրերու մէջ մեռած, գնդակահարուած եւ կամ անհետ կորած տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու  անուանացանկը չէ յայտնաբերուած:

Հաւաքած է աւելի քան 270 մարդու կենսագրականները, սակայն այս գիրքին մէջ տեղադրած է միայն 111 կենսագրական:  Ան արդէն հրատարակած է «222 բռնադատուած հայ բժիշկներ, 1920-1954 կենսագրական բառարան», գիրք Բ» գիրքը:

Այս գործը` գտնել, հաւաքել, մէկ տեղ բերել հազարաւոր հայ բուժաշխատողներու տեղեկութիւնները, առանձնայատուկ աշխատանք է եւ հսկայ գործ:

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան տարած է վիթխարի աշխատանք: Կարելի է նկատել զինք  այդ ժամանակաշրջանի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող  իրաւ Հայ Մարդը:

Բռնադատուածները ենթարկուած են քաղաքական բռնաճնշումներու, աքսորի եւ գնդակահարութեան: Այս իրադարձութիւնները տեղ գտած եւ արձանագրուած են ԽՍՀՄ պետական անվտանգութեան, ներքին գործերու եւ դատախազութեան արխիւներուն մէջ, որոնք այդ շրջանին անհասանելի եղած են, ետքը մասամբ մը բաց եղած են:

Բռնադատուածներուն մեծ մասը իրենց աքսորավայրերուն մէջ աշխատած են որպէս բժիշկ եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցած են իրենց շրջապատին: Անոնք  տարիներ ետք ազատ արձակուած են եւ վերադառնալով իրենց ծննդավայրը` շարունակած են իրենց ասպարէզը: Շատեր իրենց աքսորավայրերուն մէջ ենթարկուած են տաժանակիր աշխատանքի, իսկ ուրիշներ մնացած են կալանքի տակ: Ոմանք ալ գնդակահարուած են:

Գիրքին մէջ կան անուանի եւ երեւելի անձնաւորութիւններու յիշատակելի անուններ: Հոն տեղադրուած  են նաեւ այնպիսի անձերու անունները, որոնք այդ դաժան տարիներուն իրենց ամբողջ կեանքի ուժականութիւնը կուրօրէն գործածած են  ի շահ Համայնավար կուսակցութեան եւ իրենց անձնական շահերուն համար  խաղաղ մարդոց կեանքը չեն խնայած ու քանդած են անոնց ապագան:

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանին նպատակը եղած է մարդոց կենսագրութիւններու միջոցով ցոյց տալ խորհրդային իշխանութեան դաժան ժամանակաշրջանին իրական իրավիճակը` ինչպէս մէկ կամ քանի մը մարդոց իբր թէ ղեկավար, բանաւոր կամ գրաւոր բացայայտ կեղծ ցուցմունքին վրայ հիմնուած, առանց փաստերու մարդիկ ձերբակալած են, բանտարկած են, աքսորած են, կամ գնդակահարած են: Գործադրուած են դաժան եւ անմարդկային միջոցառումներ հարիւրաւոր անմեղներու դէմ որպէսզի խոստովանին  իրենց չկատարած յանցանքները:

Ահաւասիկ բռնադատուածներու կենսագրութիւններուն մէջ յիշատակուած ձերբակալութիւններու եւ դատապարտութիւններու պատճառաբանութիւններէն օրինակներ`

– Նախկին դաշնակցական,

– Դաշնակցական ընտանիքի անդամ,

– Դաշնակցական կուսակցութեան անդամ,

– Նախկին դաշնակցականի ժառանգորդ,

– Ժողովուրդի թշնամի,

– Ժողովուրդի թշնամի եւ դաշնակցականի ընտանիքի անդամ,

– Թրքահպատակ ըլլալով եւ խորհրդային քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու ուշացում,

– Հեռաւոր ազգականի մատնութեամբ` նախկին դաշնակցականի ժառանգորդ,

– Իմացած է, սակայն պետութեան չէ տեղեկացուցած դաշնակցական ընդհատակեայ կազմակերպութեան գոյութեան մասին, եւ որ ունեցած է հակախորհրդային տրամադրութիւններ, համագործակցած է դաշնակներու հետ, կազմակերպած է հակախորհրդային ընդհատակեայ զինուած խմբակ, գիւղացիները նախապատրաստած է զինուած ապստամբութեան,

– Իրանահպատակ ըլլալով հանդերձ, առանց քաղաքացիութիւն ունենալու, Խորհրդային Միութեան մէջ անօրինական բնակած է եւ անձնագրային օրէնքներուն չէ ենթարկուած, նաեւ` որ ան ռուսատառ «Մետալիստ» թերթին մէջ յօդուած տպագրած է, որ, ԽՍՀՄ սահմանադրութեան մէջ «աշխատաւորներու եւ գիւղացիներու միութիւն» բառակապակցութեան մէջ անհրաժեշտ է աւելցնել «մտաւորական» բառը,

– Հակայեղափոխական եւ հակախորհրդային գործունէութեամբ զբաղած է,

– Հայրը երիտասարդ տարիներուն հարած է դաշնակցական կուսակցութեան` ըստ իրաւապահ մարմիններուն,

– Արտասահմանեան լրտես եւ «ժողովուրդի թշնամի»,

– Ընդհատակեայ դաշնակցական կազմակերպութեան գործիչ եւ գործօն անդամ, իր կազմակերպութեան մէջ նորանոր անդամներ ներգրաւող, հակայեղափոխական եւ խորհրդային իշխանութեան համար վտանգաւոր տարր,

– Հակայեղափոխական, ահաբեկչական տրամադրութիւններ ունեցող, հակայեղափոխականներու հետ կապակցութիւն ունեցող, պետական մարմիններու հասցէին զրպարտութիւններ տարածող եւ խորհրդային ղեկավարներու, յատկապէս կուսակցութեան առաջնորդի հասցէին անպարկեշտ արտայայտութիւններ կատարող, ապօրինի զէնք պահող,

– Խորհրդային երկիրը վարկաբեկող,

– Իր տան մէջ արգիլուած դաշնակցական գրականութիւն պահող, դաշնակցական, գործօն դաշնակցական գործիչներու հետ կապեր պահող, խորհրդային կարգերը տապալելու աշխատանքներու մասնակցող,

– Հակախորհրդային տարաձայնութիւններ տարածող, ֆաշիստական գաղափարներ տարածող, շրջանի ազրպէյճանցի բնակչութեան նկատմամբ ատելութիւն ունեցող, հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ ազգամիջեան ատելութիւն սերմանող,

– Արտասահմանեան երկրի մը լրտես, ահաբեկչական, հակայեղափոխական ազգայնամոլական, կազմակերպութեան անդամ, հակախորհրդային գոործունէութեամբ զբաղող, լրտեսական-հետախուզական գործունէութիւն ունեցող:

111 կենսագրականները ներկայացուած են 1-5 էջերով: Այս բռնադատուածներուն մեծամասնութիւնը եղած է հմուտ, մասնագէտ բժիշկ, հանրային ծառայող եւ ազգային գործիչ: Անոնցմէ շատերը  աքսորի մէջ բանտարկուած են եւ ենթարկուած են զանազան տեսակի չարչարանքներու ու զրկանքներու: Ուրիշներ կալանաւորուած են եւ ապրած են դաժան պայմաններու մէջ: Անոնք, որոնք ազատ արձակուած են բանտէն գործած են որպէս բժիշկներ` իրենց աքսորավայրերուն մէջ: Անշուշտ եղած են գնդակահարութիւններ: Բռնադատուածներէն մաս մը մահացած է իր աքսորավայրին մէջ, իսկ մնացեալները ի վերջոյ ազատ արձակուած են աքսորէն եւ վերադառնալով իրեն ծննդավայրը` աշխատած են իրենց ասպարէզին մէջ:

Այժմ կ՛ուզեմ ընթերցողին հրամցնել 111 կենսագրականներէն կարճ կենսագրական մը:

Աղաջանով Հայկ Ալեքսանդր.- Ծնած է 1895 թուին, Գանձակ: Բարձրագոյն բժշկական ուսումը ստացած է հաւանաբար Դոնի Ռոստով: 1920-ին վերադարձած է Գանձակ, աշխատած է Գանձակի փոլիքլինիքայի գլխաւոր բժիշկ, եղած է ազնուական, յարգուած ու սիրուած անձնաւորութիւն, հրաշալի ու բարեխիղճ բժիշկ: Մասնագիտական անշահախնդիր օգնութիւն ցուցաբերած է բոլոր համաքաղաքացիներուն անխտիր: 1949-ին հեռաւոր ազգականի մատնութեամբ ձերբակալուած է` մեղադրուելով որպէս նախկին դաշնակցականի ժառանորդ: Շուտով իր զաւկին հետ աքսորուած է Սիպերիա, Ալթայի երկրամասի Ալեկս քաղաքը: 1949-54 աշխատած է հոն` շաքարի գործարանին մէջ որպէս բժիշկ: 1954-ին արդարացուած է եւ վերադարձած է Կիրովապատ (Գանձակ, Ա.), ուր աշխատած է հիւանդանոցի մէջ: Ան շարունակ ապրած է վախի ու սարսափի մէջ, որպէս «ժողովուրդի թշնամի»: Մահացած է 1960-ին, Կիրովապատի մէջ:

Բռնադատուած հայ բժիշկները մէկ փոքր մասն են այդ ժամանակահատուածին մէջ ստալինեան բռնապետութեան ընթացքին հարիւր հազարներով բռնադատուած, գնկահարուած ու սպաննուած Հայաստան աշխարհին  մէջ ապրող անմեղ հայորդիներուն: Այս առնչութեամբ խիստ կարեւոր կը գտնեմ գիրքի վերջաւորութեան տեղադրուած «Վկայութիւններ սեփական ժողովրդի ոչնչացման մասին» գրութիւնը: Ահաւասիկ այդ գրութիւնը.

1937թ. յուլիսի 2-ին Ստալինի ստորագրութեամբ հրապարակուեց Համամիութենական կոմունիստական (պոլշեւիկեան) կուսակցութեան կենտրոնական կոմիտէի որոշումը «ժողովրդի թշնամիների» նկատմամբ զանգուածային հալածանքների, բանտարկութիւնների, գնդակահարութիւնների մասին, որոնք անյապաղ կիրառուեցին սեփական ժողովրդի նկատմամբ: Այդ հրեշաւոր որոշման համաձայն, միայն մէկ ամսուն հալածանքների ենթարկուեցին 268 900 մարդ, որից 75 950-ը գնդակահարուեցին:

Սակայն զարմանալին այն է, որ այս թուերը կուսակցական եւ ներքին գործերի մարմինների աշխատակիցների համար քիչ թուացին, եւ նրանք շարունակեցին կատարել իրենց սեւ գործը` կրեմլին խնդրելով թոյլ տալ աւելացնել զոհերի թիւը:

Այսպիսով, 1937թ. յուլիսից սկսած մարդկանց կոտորածը երկարացուեց եւս 15 ամսով, սեփական ժողովրդից խլելով լրացուցիչ հազարաւոր կեանքեր:

Կուսակցութեան եւ պետութեան կազմակերպած բռնութիւնների տեխնոլոգիան զարմանալիօրէն պարզ էր: Հանրապետութիւնների, երկրամասերի, մարզերի, ղեկավարները դիմում էին Քաղպիւրօ` մատնանշելով, որ «ժողովրդի թշնամիները» դեռեւս ի սպառ չեն վերացրել եւ խնդրում են թոյլ տալ խոշտանգել Կրեմլի կողմից սահմանուած թուից աւելի մարդկանց: Կարծես «սոցիալիստական մրցութիւն» էր ընթանում, թէ ով աւելի շատ եւ աւելի շուտ կը կոտորի սեփական երկրի մարդկանց:

ԽՍՀ Միութեան բոլոր ծայրերից դէպի Մոսկուա էին գնում նորանոր պահանջագրեր, որոնց բովանդակութիւնն այսպիսին էր. «Խնդրում ենք թոյլ տալ առաջին կարգով (իմա` գնդակահարել) բռնարքների ենթարկել 1000, 2000, 5000, 8000 մարդու»: Կան նաեւ երկրորդ կարգի (իմա` բանտարկել) վերաբերեալ խնդրագրեր, որի համաձայն բեռնատար վակոններով դէպի Սիպիրի դժոխային համակենտրոնացման ճամբարներն էին ուղարկւում հարիւր հազարաւոր անմեղ մարդիկ: Եւ այդ թոյլտութիւնները Կրեմլը չէր ուշացնում:

Ընթերցողի ուշադրութեան ենք ներկայացնում ԽՄԿԿ «նախագահական» արխիւից հանուած բազմաթիւ փաստաթղթերից մէկը, որ առնչւում է Հայաստանին:

«Խիստ գաղտնի: ԽՍՀՄ ներքին գործերի ժողովրդական կոմիսարիատ, ծածկագիր, մուտք N 33537: Համկ(բ)ԿԿԿ. ընկ. Ստալինին, ներքգործժողկոմատ ընկ. Եժովին: Հայաստանի իրական զտման համար խնդրում ենք թոյլ տալ լրացուցիչ գնդակահարել 700 մարդ` դաշնակցականներից եւ հակասովետական այլ տարրից»:

Թոյլտուութիւնը, որը տրուած էր առաջին կարգի 500 մարդու համար, արդէն սպառուած է: Միկոյեան, Մալենկով, Լիտվին: 22 սեպտեմբերի 1937թ.N13»:

Պատասխան`

«Խիստ գաղտնի: Համամիութենական կոմունիստական (պոլշեւիկեան) կուսակցութեան կենտրոնական կոմիտէ: 24 սեպտեմբերի, 1937թ., ընկ. Եժովին: Քաղուացք Համկ(բ)Կ ԿԿ Քաղպիւրոյի նիստ N 54 արձանագրութիւնից` հակասովետական տարրերի մասին թոյլատրել Հայաստանի Կ(բ)Կ կենտկոմին առաջին կարգի հետապնդուողների թիւը աւելացնել 1500 մարդով: ԿԿ քարտուղար»:

Այս որոշումը անմիջապես ուղարկուել է Երեւան եւ յաջորդ օրն իսկ սկսուել է գնդակահարութիւնների նոր ալիքը:

Ըստ «Ազգ» (11-07-1992), «Երկիր) (11-07-1992) թերթերի

Վերոյիշեալ գրութեան մեկնաբանութիւնները կը ձգեմ ընթերցողներուն:

Այս գիրքը կը նկատեմ խիստ հետաքրքրական եւ կարեւոր:

Շնորհակալութի՛ւն` յարգելի գործընկեր բժիշկ Յարութիւն Մինասեան: Վարձքդ կատար: Գրիչդ անսպառ:

Մոնրէալ, 24 յուլիս 2022

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.