Արցախի Պետական Նախարար Արտակ Բեգլարեան Ներկայ Եղած է Անօդաչու Թռչող Սարքերու Առաջին Աշխատանոցի Բացման

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Փետրուար 17-ին, Ստեփանակերտի N3 դպրոցին մէջ ներկայ եղած է անօդաչու թռչող սարքերու կրթական առաջին աշխատանոցի բացման արարողութեան:

Արտակ Բեգլարեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Հայաստանի Յառաջատար ճարտարագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան, «Արմաթ»-ի 500 խմբավարներուն ու խումբի անդամներուն Արցախի մէջ ծրագրի իրագործման համար: Կարեւոր համարելով ճարտարապետական կրթութեան ու տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ուղղութեամբ հանրապետութեան մէջ առանձին կազմակերպութիւններու կողմէ գործադրուող ջանքերը՝ Արտակ Բեգլարեան մէկ անգամ եւս շեշտած է բնագաւառին մէջ պետական աջակցութեան շարունակականութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր, կենսունակ գաղափարներու իրագործման հարցով իր պատրաստակամութիւնը:

«Յառաջիկային Արցախի այլ դպրոցներու մէջ եւս նման աշխատանոցներ պիտի հիմնենք, կառավարութիւնն ալ պատրաստ է աջակցելու այդ ծրագրերուն: Եւ կարեւոր է նման ճարտարագիտական ու կիրառական գիտելիքի ու հմտութիւններու տրամադրումը մեր երեխաներուն, որոնք արդէն հնարաւորութիւն պիտի ունենան բարձրագոյն կրթութեան ոլորտ մտնելու յստակ կողմնորոշումներով, գիտելիքներով ու նպատակներով: Շատ ուրախ եմ, որ այսպիսի կիրառական լուծումները ե՛ւ յառաջադէմ են, ե՛ւ կը համապատասխանեն մեր կարիքներուն ու ռազմավարական նպատակներուն»,- իր խօսքին մէջ նշած է պետական նախարարը:

Այնուհետեւ՝ օրէնսդիր, գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ աշակերտներու հետ՝ պետական նախարարը առաւել հանգամանօրէն տեղեկացուած է աշխատանոցի հնարաւորութիւններուն մասին, ոլորտի մասնագէտներուն հետ քննարկած ապագայ համատեղ ձեռնարկումներուն մանրամասնութիւնները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.