Արցախը կորսուած՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի և Արևմուտքի կողմէ լքուելէ ետք
491
0
Յարութ Սասունեան
Անցեալ շաբաթ, աշխարհի ամբողջ հայութիւնը ապրեցաւ իրենց կեանքի մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկը երբ Ատրպէյճան գրաւեց Արցախը։
120 հազար Արցախի հայեր՝ տղամարդիք, կիներ ու երեխաներ իրենց պատմական հայրենիքին մէջ յարձակումի ենթարկուեցան նաւթով հարուստ Ատրպէյճանի կողմէ, ժամանակակից զէնքերով ներմուծուած՝ Իսրայէլէն, Ռուսիայէն, Բաքիստաէն և Արեւելեան Եւրոպայէն։
Գլխաւոր չարագործները Ատրպէյճանն ու անոր աջակից Թուրքիան են, որոնք յանձագործերն են Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուած զանգուածային ոճիրներուն։
Սակայն՝ ահագին մեղադրանքներ կան շօշափելիք: Կ՚ուզեմ սկսիլ այն ամօթալի դերէն որ խաղցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը այս արհաւիրքին մէջ։ Սկսեալ 2001-էն, երբ Փաշինեան անյայտ լրագրող մըն էր, իր «Հայկական Ժամանակ» թերթին մէջ գրած էր՝ «Դիւանագիտօրէն, կարելի չէ չվերադարձնել այն [Արցախի] տարածքները Ատրպէյճանին… մեր անձնական հողը մէկդի դրած՝ կ՚ուզենք սեփականատէրը դառնալ ուրիշի հողին»։ Վարչապետ դառնալէն ետքը, Փաշինեան բազմաթիւ հակասական հաստատումներ ըրաւ Արցախի վերաբերեալ, նախ՝ ընդգծելով թէ «Արցախը Հայաստան է՝ և վերջ». իսկ յետոյ, «Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ»։ Թերեւս լրագրողի մը խօսքերը յատուկ նշանակութիւն չներկայացնեն, սակայն իր յայտարարութիւնները որպէս վարչապետ՝ կարելի չէ անտեսել։ Խաղը վերջացա՛ծ է։ Արցախը կորսուած է ու ոչ մէկ ակնկալութիւն այդ իրողութիւնը փոխելու երկարատեւ ժամանակով։ Ինչպէս միշտ՝ Փաշինեան ուրիշները կ՚այպանէ իր գործած սխալներուն համար, ներառեալ նախկին ղեկավարները, ներքին ընդդիմութիւնը և Ռուսիան։
Գոյավիճակը աւելի՛ վատթարացնելով, Փաշինեան ձեռքերը լուաց Արցախէն ու անոր ղեկավարներուն յորդորեց՝ Ատրպէյճանի հետ ունեցած իրենց հարցերը անոնց հետ հարթել։ Խորքին մէջ՝ Փաշինեան խեղճօրէն զինուած 120 հազար Արցախի Հայերը նետեց Ատրպէյճանի մեծ ու վայրագ գայլին առջեւ։ Ի՞նչպէս կրնայ փոքրիկ Արցախը բանակցիլ հզոր Ատրպէյճանի մը հետ։ Փաշինեան անտեսեց այն իրողութիւնը, թէ Արցախի Հայերը Հայաստանի քաղաքացի ըլլալնուն՝ իր սահմանադրական պարտաւորութիւնն էր զանոնք պաշտպանելը։ Ամիսներով ծիծաղելի խոստում տուաւ, թէ Արցախի Հայերու իրավունքներն ու ապահովութիւնը պիտի պաշտպանուին անգամ մը որ անոնք Ատրպէյճանի քաղաքացի դառնան։
Անհեթեթաբար՝ Փաշինեան անցեալ շաբաթ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստէն երկու ժամ առաջ յայտարարեց, թէ Արցախի հայ բնակիչներու կեանքը ապահով էր Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք։ Անկէ քիչ անց, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց Անվտանգութեան Խորհրդին, որ Ատրպէյճան ցեղային մաքրագործում կ՚ընէ Արցախի մէջ հայերուն։ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարը անմիջապէս ՄԱԿ-ին նշեց երկու հայ ղեկավարներու հակասական յայտարարութիւնները, որով՝ Հայաստանի վստահելիութիւնը խարխլեցաւ ամբողջ աշխարհի առջև։ Մինչդեռ՝ հարիւրաւոր հայեր Արցախի մէջ սպանուած կամ վիրաւոր էին, ու հազարաւոր անհետացածներ՝ Ատրպէյճանի յարձակումին որպէս հետևանք։
Անցեալ շաբաթ, երբ Ատրպէյճանի ուժեղ զինուժը ներխուժեց Արցախի մնացեալ վերջին հատուածը, Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան միջամուխ պիտի չըլլայ հակամարտութեան, այդպիսով կանաչ լոյս տալով Ատրպէյճանին որպէսզի ահաւոր ոճիրներ գործադրէ Արցախի ժողովուրդին վրայ։ Փաշինեան սխալական գաղաբարը որդեգրած էր, թէ անգամ մը որ Արցախը վերադարձուի Ատրպէյճանին՝ Հայաստանի քաղաքացիները խաղաղութեան մէջ պիտի ապրին։ Ցավոք սրտի՝ ասիկա ամենահեռու բանն է ճշմարտութենէն։ Ատրպէյճանի նախագահը իր առջև տեսնելով ռազմական առումով տկար Հայաստանը ու անոր ղեկավարը, որ իր ըրածէն տեղեակ չէ, կանգ պիտի չառնէ Արցախը նուաճելէն ետքը։ Ալիև պիտի շարունակէ զիջումներ պահանջել թուլակամ Փաշինեանէն ու յաւելեալ տարածքներ գրաւէ Հայաստանի Հանրապետութենէն։ Ալիև յաճախ ու անճիշդ հաստատումներ ըրած է թէ ամբողջ Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան է»։ 2020-ի պատերազմէն ի վեր Ատրպէյճանական զորքերը Հայաստանի տարածքէն որոշ հատուածներ գրաւած են ու մտադիր չեն հեռանալու։ Իմ մտավախութիւնս այն է, որ Ալիև պիտի շարունակէ ներխուժումներ ընել Հայաստանէն ներս, մինչև որ տիրանայ ամբողջ երկրին։ Ուստի՝ Փաշինեանի այն տեսակէտը, թէ հայերը Հայաստանի մէջ խաղաղօրէն պիտի ապրին այնուհետեւ, Արցախը լքելով՝ անհեթեթ է։ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիև շուտով շահարկեց Փաշինեանի անձնատուութիւնը ու բազմիցս ըսաւ աշխարհին, թէ այնքան ատեն որ Հայաստանի վարչապետը ընդունած է, թէ Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ, ուրեմն այդ շրջամասը ի՛ր երկրին վերաբերող ներքին խնդիր է ու ոչ ոք իրաւասութիւն ունի միջամտելու։
Շուտով անկէ ետքը, Ռուսիոյ ղեկավարները, նախագահ՝ Վլատիմիր Բուդին և Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Սէրկէյ Լաւրով բազմիցս յայտարարեցին թէ Փաշինեան ինքն է, որ յանձնած է Արցախը։
Այսուհանդերձ՝ Ռուսիան ունի իր մեղքի բաժինը այն բոլորին մէջ որ տեղի ունեցաւ վերջին երեք տարիներուն և ինչ որ պատահեցաւ Արցախի մէջ անցեալ շաբաթ։ Ռուս խաղաղապահները, որոնք 2020-ի համաձայնագրով նշանակուած էին պահպանելու Արցախի բնակչութիւնը և Լաչինի միջանցքը բաց պահելու մինչև 2025, թշուառաբար ձախողեցան իրագործել իրենց պատասխանատուութիւնները։ Ռուսիան ոչ իսկ փորձեց պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները ըստ CSTO-ի պահանջին՝ համաձայնագրութեամբ Հայաստանի, Ռուսիոյ և քանի մը ուրիշ նախկին սովետական հանրապետութիւններու միջև։ Ռուսիոյ անշարժութիւնը եւ Փաշինեանի Արցախէն հրաժարիլը հանգեցան զանգուածային մարդկային ողբերգութեան, 120 հազար Արցախի հայության կրած տանջանքներով։
Միջազգային համայնքը նոյնպէս մեղաւոր է անտեսելով Արցախի հայերու տառապանքները, որոնք կորսնցուցին իրենց պատմական հայրենիքը ինը ամիս անօթութեան մատնուելէ ետք, Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով Ատրպէյճանի կողմէ։ Բացի բազմաթիւ ապարդիւն խօսքերէ՝ ոչ ոք աշխարհի մէջ մատը շարժեց այս ժողովուրդը փրկելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու: Բոլոր միջազգային օրէնքները, մարդկային իրաւունքները, արդարութեան շուրջ գաղաբարաբանութիւնները օդային էին: Հաւասարապէս անօգուտ էին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը, Արդարադատութեան Միջազգային Ատեանը, Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանը, Եւրոպական Միութիւնը, Եւրոպական Խորհուրդը և բազմաթիւ երկիրներէ պաշտօնական հաստատումները, ներառեալ ԱՄՆ: Ինչպէս գիտենք՝ ոյժը կը կերտէ իրաւունքը։ մնացեալը կարեւոր չէ։
Այժմ՝ աշխարհի հայութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնը ձև մը փնտռել է Փաշինեանը անյապաղ հեռացնելու, որովհետեւ ան կը մերժէ հրաժարիլ ու աւելի խորունկ փոս կը փորէ Հայաստանի համար, անցնող ամէն մէկ օրուայ հետ։ Բացի եթե Փաշինեանը շուտով փոխարինուի հմուտ և ազգայնական Հայ ղեկավարով մը, որ պիտի պաշտպանէ Հայաստանի շահերը՝ հայերը հաւանաբար կորսնցնեն իրենց հայրենիքը, ու այս անգամ՝ ընդմի՛շտ։
Փաշինեանը փոխարինուելէ ետք, Հայաստանի նոր ղեկավարը պէտք է բոլոր այլ հարցերը մէկ կողմ դնէ և անմիջապէս ձեռնարկէ հսկայական քանակութեամբ ժամանակակից զինոյժ ձեռք բերելու, որպէսզի երկրին սահմաններու պաշտպանութիւնը ապահովէ հետագայ ներխուժումներու դէմ։
Հազարաւոր տարիներ սին յոյսեր փայփայելէ և սպասելէ ետք օտար ուժ մը գալու և փրկելու Հայաստանը, գերագոյն ժամանակն է, որ հայերը վերջապէս գիտակցին, թէ ոչ մէկը պիտի գայ երբեւիցէ զիրենք փրկելու: Պէտք է որ ինքզինքնի՛ն փրկեն։
Comments are closed.