Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախի հարցը արծարծեց խորհրդարանի անդամ Թերի Պիչի եւ նախարար Ատրիան Տիքսի հետ
Ընդառաջելով Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրին, 5 Յունուար 2020-ին, Գանատայի փոխադրամիջոցներու նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Թերի Պիչ եւ Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս մասնակցեցան Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Ծննդեան պատարագին եւ Հայ կեդրոնի Լազարեան սրահէն ներս կայացած Ճաշկերոյթին: Անոնք խօսք առին եւ շնորհաւորեցին հայ համայնքը Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, շեշտելով որ իրենք պիտի շարունակեն զօրակցիլ Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի հայ համայնքին:
Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան եւ Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի շրջանի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան, Թիթառ Քէօշքէրեան, Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան և դոկտ. Ռաֆֆի Չափանեան յատուկ հանդիպում մը ունեցան Խորհրդարանի անդամ եւ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Թերի Պիչի եւ Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքսի հետ, ուր լայնօրէն քննարկուեցան Արցախի տագնապի լուծման առնչուած հարցեր: Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ հակամարտութեան պատմութեան և Արցախեան հիմնահարցի իրաւական խորքին: Խորհրդարանի անդամ Թերի Պիչ պատրաստակամութիւն յայտնեց արծարծուած հարցերը փոխանցելու Գանատայի արտաքին գործոց նախարարին:
Յանձնախումբը զեկուցեց նաեւ սուրիահայ գաղթականներ հովանաւորելու Պրիթիշ Գոլոմպիոյ հայ համայնքի տարած յաջող չորսամեայ գործունէութեան մասին:
Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան