Առաջնորդ սրբազան հայրը քէպէգ քաղաքի համայնքին հետ
517
0
Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Քէպէգի հայ համայնքը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանը։ Ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։
Ներկայ էին նաեւ երկար տարիներ այս այցելութիւնը համադրողներ՝ Տիար Ժան Մկրտիչեանն ու Տիկին Սեդա Թէլեանը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ընկերակիցներուն հետ այցելեց Կոմիտաս Վարդապետի կիսանդրին, ուր հոգեհանգստեան կարգ կատարեց ի յիշատակ հայ ժողովուրդի բոլոր ննջեցեալներուն։
Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Քէպէգի Chapelle Montmarte Canadien կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկայութիւնը Քէպէգաբնակ ժողովուրդին։
«Եթէ մասնակից ենք Քրիստոսի չարչարանքներուն, մասնակից կը դառնանք նաեւ անոր փառքին։ Յաճախ դժուարութիւններ պիտի ըլլան, յաճախ նեղութիւններ եւ տագնապներ պիտի ունենանք, սակայն այդ բոլորը կարելի է միայն Քրիստոսով յաղթահարել։ Մեր ժողովուրդին վիճակն ալ այսօր նոյնն է։ Խաչի ճանապարհէն կ՚ընթանանք, միշտ հաւատալով, որ Քրիստոսի հետ յարութիւն պիտի առնենք։ Վերստին պիտի տիրանանք այն բոլորին, որ կորսնցուցինք», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։
Այս այցելութեան առթիւ Տիկին Սեդա Թէլեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։
Ան բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու անոր ընկերակիցներուն եւ անդրադարձաւ Հայ Ժղովուրդի այսօրուան վիճակին։
«Թուրքը կամ Ազերին այսօր ուրախութեամբ եւ հրճուանքով կը նայի Արարատի կատարին կամ կը վայելէ Արցախը՝ գրաւելով զայն ամբողջութեամբ եւ ցեղասպանութեան ենթարկելով մեր ժողովուրդը, քաջ գիտնալով սակայն առժամեայ է այդ միայն, եւ թէ ուշ կամ կանուխ պիտի վերադարձուի ան իր սեփականատէրներուն», ըսաւ Տիկին Թէլեան։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարգի աւարտին Քէպէգի համայնքի զաւակները առիթ ունեցան մտերմիկ զրոյց ունենալու Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ։
Comments are closed.