Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Ու Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցերը
- (0)

28 մայիսին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովի մասնակիցները` առաջնորդութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի յանձնախումբերի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը, ներկայացնելով հիւրերը, վեհափառ հայրապետին համապարփակ տեղեկութիւններ ներկայացուց խորհրդաժողովի կատարած աշխատանքներուն մասին:
Ողջունելով հիւրերը` Ամենայն հայոց հայրապետը կարեւոր նկատեց խորհրդաժողովի աշխատանքները` ի խնդիր հայրենիքի եւ ազգի զաւակներու իրաւունքներու պաշտպանութեան: Վեհափառ հայրապետը մասնաւոր անդրադարձ կատարեց հայրենիքին առջեւ ծառացած առկայ խնդիրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ջանքերու մէկտեղման անհրաժեշտութեան: Յատկապէս կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստան-սփիւռք կապերու սերտացումը եւ համազգային ներուժի ծառայեցումը յանուն հայրենիքի զօրացման եւ ապահով կեանքի կերտման:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերու, արցախահայերու արդար իրաւունքներու բարձրաձայնման ու հետապնդման եւ հայրենանուէր ու ազգօգուտ այլ իրագործումներու համար:
Վերջաւորութեան վեհափառ հայրապետը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն, հայ ռազմագերիներու վերադարձման գործին մէջ Մայր աթոռին կողմէ տարուող աշխատանքներուն եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն: