Ա՛նվհատ…

Այս տողերը գրուած պահուն ահա արդէն հի՛նգ շաբաթ է Արցախ հերոսաբար կը մղէ  ինքնապաշտպանութեան իր գոյամարտը, եւ Արցախի հետ՝ համայն հայութիւնը։

Բոլորիս ուշադրութիւնը հո՛ն է կեդրոնացած, օրը-օրին, ժամը-ժամին կը հետեւինք լուրերուն, որոնք անտարակոյս կ՚ազդեն մեր վրայ։ Կը հպարտանանք մեր հերոսներու արութեան գործերով, կը սգանք մեր նոր ֆետայիներու կորուստը։ Կ՚ալեկոծին մեր հոգիները։

Կ՚ապրինք մեր պատմութեան՝ հայոց պատմութեան մէկ կարեւոր փուլը, որպէս ականատեսներ, որպէս անմիջական մասնակիցներ։

Եւ կ՚ընդվզինք։

Կ՚ընդվզինք ի տես Հայոց ցեղասպանութեան տակաւին յամեցող իրականութեան։ Եւ այս՝ պսակաձեւ ժահրի համավարակի ներկայ պայմաններուն մէջ իսկ։ Չմոռնանք, այն օրերու համաճարակը նոյնպէս լաւ ծածկոյթ մըն էր քսաներորդ դարու սկիզբին՝ մեր դէմ ցեղասպանութիւն գործելու համար։

Կ՚ընդվզինք, որ 1915-էն 100 եւ աւելի տարիներ ետք աշխարհ տակաւին կը հանդուրժէ, որ ժողովուրդներ դուրս քշուին իրենց հողերէն, յօշոտուին վայրագօրէն, մշակութային ժառանգութիւններ փոշիանան, ինչպէս եղած է 1915-էն 100 եւ աւելի տարիներ, նոյնիսկ դարեր առաջ։

Կ՚ընդվզինք եւ մեր այդ ընդվզումն ալ կ՚արտայայտենք խաղաղ ցոյցերով, նստացոյցերով, հացադուլերով, նամակներով, յօդուածներով եւ մասամբ նորին։

Ոմանք, շատեր՝ կ՚երթան որպէս կամաւոր պայքարելու մեր քաջարի զինուորներուն կողքին։

Ոմանք, շատեր՝ իրենց քսակները լայն կը բանան հասնելու մեր սրբազան պատերազմի անհամար կարիքներուն, յատկապէս մեր նահատակներու ընտանիքներու կարիքներուն։

Ոմանք, շատեր՝ այլազան միջոցներու կը դիմեն՝ համերգներով, ելոյթներով, խոհարարութեամբ, ծաղարարութեամբ մէկ դրամ աւելի հայթայթելու համար այն անհաւասար կռիւին, որ մեր Դաւիթը կը մղէ Մսրայ Մելիքին կամ Գողիաթին դէմ։

Կը տեսնենք, թէ ինչպէս արդէն նոր սերո՛ւնդն է, որ վերցուցած է պայքարի դրօշը, ոչ միայն խրամատներուն մէջ,– անխուսափելի՛օրէն խրամատներուն մէջ ու առաջագիծերուն վրայ,– այլեւ ամեն տեղ, բոլո՛ր ճակատներուն վրայ։

Այս ամենը՝ միշտ հաւատալով, վստա՛հ հաւատալով, որ յաղթելու ենք, յա՛ղ-թե՛-լո՛ւ ենք։ Չկայ այլընտրանք։ Ազատութիւն կամ մահ։ Մենք ընտրած ենք առաջինը։ Մեռնելո՛ւ գնով։

Երբ ընկերներէս կամ ծանօթներէս ոմանք կ՚ափսոսան մեր ճակատագրին վրայ, մէկ բան կ՛ըսեմ իրենց միշտ՝ մեր պատմութեան մի՛ նայիք մէկ ամսուան, մէկ տարուան, մէկ տասնամեակի կամ մէկ հարիւրամեակի հեռանկարով։ Նայեցէք հեռուն, դէպի գալիք դարերը եւ շարունակեցէք հաւատալ վարդահեղեղ արշալոյսին, զոր բանաստեղծը տեսլացած է։

Երբ ընկերներէս կամ ծանօթներէս ոմանք կ՚ափսոսան, թէ ինչո՞ւ աւելի լաւ չենք պատրաստուած դիմագրաւելու համար մեզի սպառնացող վտանգները, նոյնպէս կը պատասխանեմ՝ մի՛ դատէք կարճահար հայեացքով։ Նայեցէք յետեւ եւ նայեցէք յառաջ։ Ո՜ւր էինք 1878-ին, երբ Պերլինի վեհաժողովէն վերադարձող Հայոց Հայրիկը երկաթէ շերեփի պատգամը կու տար, ո՛ւր ենք այսօր։ Դեռ շունչ չենք առած։ Վեց թէ տասը դարերու «սուգ-տառապանք» դեռ չէ վերջացած։ Րաֆֆի 200 տարի նախատեսած էր իր Խենթին երազը իրականացած տեսնելու համար։ Գուցէ 150 տարին անցաւ, 50-ը մնաց, բայց յիշեցէք ո՜ւր էինք, ո՛ւր հասանք։

Եւ երբ ընկերներէս կամ ծանօթներէս ոմանք իրաւա՛մբ կ՚ափսոսան, թէ ինչո՛ւ չունինք, գէթ աւելի մեծ թիւերով չունինք, աւելի իմաստուն քաղաքական դէմքեր, չունինք մեր թշնամիները լաւ ճանչցող, երբեմն մե՛զ ալ աւելի լաւ ճանչցող մտաւորական դէմքեր, չունինք գոնէ հայաբնակ երկիրներու բոլոր համալսարաններուն մէջ մեծազդեցիկ դէմքեր, մամուլին մէջ իրենց ձայնը տեւաբար լսելի դարձնող կուռ հրապարակագիրներ, մշակոյթի այլազան բեմերուն վրայ փայլող աստղեր, մարզական բեմահարթակներուն վրայ ախոյանական մետալները խլող նոր Տիգրաններ, Նոպելեան մրցանակի արժանացող գրողներ, գիտնականներ եւ այլ առաջամարտիկներ, դարձեալ նոյնը կը պատասխանեմ, թէ անդրադառնալու ենք, թէ ի՛նչ ճամբայ ենք կտրեր արդէն 100-150 տարուան մէջ, մանաւանդ 1918-էն ասդին՝ երբ ոչինչէն կերտուեցաւ որբի հայրենիքը, ողբի՛ հայրենիքը։

Չստորագնահատենք իրականացածը, բայց նաեւ չգերագնահատենք զայն։ Դեռ ճամբայ ունինք կտրելիք։ Մանաւանդ ճամբայ ունինք կտրելիք՝ աշխա՛րհը աւելի մարդկային, աւելի մարդկայնական բնակավայրը դարձնելու թէ՛ մեզի եւ թէ՛ բոլորին համար։ Երկիր դրախտավայրը…

Բայց չտարուինք ինքնագոհութեամբ։

Սխալներ գործե՞ր ենք այս բոլոր տարիներուն. ոչ մէկ կասկած։

Դասեր ունի՞նք քաղելիք մեր պատմութեան այս փուլէն. անկասկած։

Պիտի կարենա՞նք մատը դնել մեր վէրքերուն վրայ, ճշտորոշել մեր թերացումներն ու թերացողները. անպայման։

Բայց պիտի ջանանք խաղողին հասնիլ եւ ոչ թէ անոր խակ ըլլալը պատճառաբանելով  հրաժարիլ անկէ եւ պիտի ջանանք խաղողը ուտել եւ ոչ թէ այգեպանը ծեծել՝ հաւատարիմ ըլլալու համար հայկական իմաստութեան։

Եւ այս անգամ պիտի ընենք միասնաբար։ Պէ՛տք է ընենք միասնաբար։

Գիտակցի՛նք, այս մեր նոր փորձառութենէն անցնելէ ետք՝ աւելի խո՛րապէս հասկնանք, թէ մեզի չե՛ն պակսիր, աւելի ճիշտ՝ կրնա՛նք ստեղծել մարդկային թէ նիւթական միջոցները պաշտպանելու համար մեր ինքնութիւնը՝ մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր հողերն ու մեր արժանապատւութիւնը։ Կը բաւէ չկորսնցնել կամքը։ Ուզե՛նք ապրիլ, իբր հա՛յ ապրիլ, իբր մա՛րդ ապրիլ։

Անվհա՛տ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.