Թէ ինչպէս թրքացած յոյնը վերադարձաւ իր արմատներուն. Եանիս Վասիլիսի պատմութիւնը
Յուլիս 05, 2017Իպրահիմ Եայլալը թունդ ազգայնամոլ թուրք մըն էր, որ 1994-ին կը միանայ երկրի բանակի յատուկ ջոկատներուն՝ պայքարելու համար ՓՔՔ-ի քիւրտ անջատողականներուն դէմ: Ընդհարումներու ընթացքին գերի կ՚իյնայ Քիւրտերուն ձեռքը: Երբ իր ծնողները թրքական իշխանութիւններուն կը դիմեն, որպէսզի ազատեն զինք, կը բախին վերջիններուս ...