ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՊԱՆԹԷՈՆ
Յուլիս 21, 2022Հինգշաբթի, 21 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու յայտագիրները ընթացք առին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն այցելութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ եւ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ուղեկցութեամբ, մարզախաղերու բոլոր մասնակիցները Եռաբլուրի մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական պատնէշին վրայ ինկած ...