Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Յուլիս 03, 2023Սփիւռքահայ անուանի գրագէտ, խմբագիր, գրաքննադատ, հասարակական գործիչ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կազմակերպութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նիստերու դահլիճին մէջ յունիս 27-ին տեղի ունեցաւ «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի ...