Թորոնթոյի մէջ լոյս տեսաւ «Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից Գրիգոր Հոթոյեանի «Սրտաբուխ բանաստեղծութիւններ» հատորը
Օգոստոս 25, 2025«Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից Գրիգոր Հոթոյեանի «Սրտաբուխ բանաստեղծութիւններ» հատորը լոյս տեսաւ իր ծննդեան 100-ամեակին առթիւ, Թորոնթոյի մէջ, 2025-ին: Գրիգոր Հոթոյեան ծնած է Հալէպ, 5 Օգոստոս 1925-ին, արմատներով՝ սասունցի: Եղած է գրաշար, խմբագիր, ուսուցիչ եւ տնօրէն: Երիտասարդական տարիներէն սկսեալ բանաստեղծութիւններով, յօդուածներով, պատմուածքներով եւ ...