Վարչապետ Տակ Ֆորտի եւ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ Թորոնթոյի մէջ յիշատակուեցաւ Մայիս ամիսը որպէս Հայկական Ժառանգութեան ամիս
Յունիս 01, 2023Օնթարիո նահանգի խորհրդարանէն ներս, Երկուշաբթի, 29 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Մայիս ամսուան յիշատակում, որպէս «Հայկական Ժառանգութեան ամիս»: Հանդիսաւոր ձեռնարկին ներկայ էին Օնթարիո նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտ, նախարարաներ, երեսփոխաններ, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան ազնուազարմ տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, ...