Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հաղորդագրութիւն
Դեկտեմբեր 15, 2016Ընթացիկ տարուան 3, 4 եւ 5 Դեկտեմբերին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Պէյրութի իր գրասենեակին մէջ գումարեց 2014-2018 քառամեակի իր Գ. լիակազմ ժողովը։ Առաջին հերթին, ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեան տեղեկագրական զեկուցումները եւ ուրախութեամբ հաստատեց, թէ Համազգայինի կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ զգալիօրէն կ'երիտասարդանայ. միաժամանակ ...