Լիլիթ Մակունց պիտի նշանակուի Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնին պիտի նշանակուի Լիլիթ Մակունց, յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան՝ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին։
Մակունց 29 օգոստոս 2025-էն ի վեր կը զբաղեցնէ վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը։ 2021-2025 թուականներուն ան եղած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։ Նախապէս ան նաեւ վարած է մշակոյթի նախարարի պաշտօնը եւ եղած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր։
Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը ներկայիս կը զբաղեցնէ Արայիկ Յարութիւնեան, որ այդ պաշտօնին նշանակուած էր 1 յուլիս 2021-ին։