Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 51-րդ Պատգամաւորական ժողովի յայտարարութիւն
Նոյեմբեր 22, 2023Նոյեմբեր 18-19 շաբաթավերջին ընթացքին, Մոնթրէալի եւ Լաւալի Հայ Կեդրոններէն ներս կայացաւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) 51-րդ պատգամաւորական ժողովը, մասնակցութեամբ Մոնթրէալի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Վանգուվըրի եւ Թորոնթոյի մասնաճիւղերէն 32 պատգամաւորներու։ Սոյն ժողովին ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի, Գանատայի Հայ ...