Ճատրակ. Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Ֆապիանոյի Հետ
Մարտ 17, 2016Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի յաւակնորդներու մրցաշարքին ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր դէմ ունէր ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանան, ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ` 30-րդ շարժումին: