Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը ձախողութեան մատնեց ատրպէյճանական ապատեղեկատուութեան փորձը
Փետրուար 25, 2016Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամներ, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու դրօշակներով ու յունարէն լեզուով պաստառներով, բողոքի հաւաք մը կատարեցին Երկուշաբթի 22 Փետրուարի կէսօրէ ետքը, Աթէնքի «Իտէալ» շարժապատկերի սրահին առջեւ, պատմական ճշմարտութեան պահանջքը բարձրաձայնելով, Խոջալուի դէպքերու ազերիական ապատեղեկատուութեան դէմ։ Ցոյցը ...