Ժիրինովսկի. «Թուրքիոյ հողերը պէտք է բաժնել Քիւրտերուն, Հայերուն, Յոյներուն եւ Պուլկարներուն միջեւ»


 

Իր զգայացունց ելոյթներով ծանօթ Ռուսաստանի Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսկի Թուրքիոյ մասին իր խոհերը յայտնած է: “1945ին Պէրլինի մէջ՝ Կէորկի Ժուկովի օրինակով, ես ալ կրնամ Թուրքիոյ ազատագրուած հողերու հրամանատարը դառնալ” ըսած է ան:

Ռուս քաղաքական գործիչը հետեւեալ քայլերը կը նախատեսէ. Իսթանպուլը դարձնել Կոստանդնուպոլիս, վերանորոգել օրթոտոքս եկեղեցիները եւ ռուսերէնը դարձնել երկրորդ լեզու:

Ռուսական լրատու գործակալութեան մը յայտնելով այդ մասին իր խոհերը, Ժիրինովսկի ըսած է, թէ պէտք է ոչնչացնել Թրքական պետութիւնը. անկէ մնացած հողերը պէտք է բաժնել Քիւրտերուն, Հայերուն, Յոյներուն եւ Պուլկարներուն միջեւ:

“Թուրքիոյ փլուզումը կարելի է իրագործել պարզապէս միայն Ռուսաստանի ռազմական նեցուկով։ Քիւրտերը երկու շաբթուան ժամանակամիջոցի մը մէջ կրնան ձեռք անցընել Անգարան։ Իսկ Հայերը կ՚ուզեն 100 տարի առաջ իրենց դէմ գործուած ցեղասպանութեան վրէժը լուծել” ըսած է ան:
Աւելցուցած է նաեւ թէ այս ամբողջը շատ ծաւալուն պատերազմի մըն ալ տեղի չի տար, քանի որ Եւրոպական Միութիւնը եւ ՕԹԱՆ-ը արդէն յայտնեցին, թէ շատ տրամադիր չեն Թուրքիոյ զօրակցելու:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.