Անգարայի սիրտը հարուածած եւ 20 զինուորականներու կեանքը խլած յարձակումը պարզապէս սկիզբն է


Մեթին Կուրճան al-monitor.com կայքին վրայ տեղակայուած իր յօդուածին մէջ անդրադառնալով 17 փետրուարին Անգարայի մէջ 28 զոհ եւ 60 վիրաւոր պատճառած ականուած ինքնաշարժով յարձակումին կը գրէ, որ այդ յարձակումին Անգարայի մէջ երեք երեւոյթներ երեւան եկան։ Առաջին հերթին յարձակումին համար օգտագործուեցաւ բանող ինքնաշարժ մը։ Նշանակալից էր նաեւ վայրը՝ խորհրդարանէն 500 մեթր, Սպայակոյտի կեդրոնատեղիէն՝ 300 մեթր, օդուժի հրամանատարութեան կեդրոնէն 150 մեթր եւ սպաներու հանրակացարանէն 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Առաջին անգամն էր, որ Սպայակոյտի գրասենեակներուն, ծովուժի, օդուժի եւ ցամաքային ուժերու հրամանատարութեան կեդրոններուն մէջ աշխատող զինուորականներ եւ քաղաքայիններ յարձակումի թիրախ դարձան։ Ներկայիս բոլորը հարց կու տան, եթէ այդտեղ կատարուած յարձակումը կրնայ կրկնուիլ Պոլիսի կամ թրքական այլ մեծ քաղաքներու մէջ։

Թէեւ Անգարա կը պնդէ, թէ յարձակումը կատարուած էր ՔԱԿ-ի առնչակից Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան (ԺՄԿ) կողմէ ՔԱԿ եւ ԺՄԿ հերքեցին իրենց մեղսակցութիւնը։ Անոնք սովորութիւն ունին ստանձնելու իրենց կատարած յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը։

Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ յարձակումին հեղինակի ինքնութեան արագ բացայայտումը ընկերային ցանցերու վրայ քննարկումի մեծ նիւթի վերածուեցաւ։

Անգարա կը պնդէ, որ յարձակումին ետին կը կանգնի ԺՄԿ-ն եւ թէ այդ մէկը ցոյց տուող բաւարար բաստ գոյութիւն ունի։ Բայցեւայնպէս, շատեր հարց կու տան, թէ ԺՄԿ-ն, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ վերջերս նկատառելի ձեռքբերումներ ունեցաւ եւ Միացեալ Նահանգներուն ու Ռուսիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ ունի, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր պայքարին շնորհիւ միջազգային դրական վարկ ունի, ինչո՞ւ պիտի կատարէ գործողութիւն մը, որ իր շահերուն միայն կը վնասէ։ Ոմանք այդ յարձակումը կը նկատեն ՔԱԿ-ի կողմէ ներշնջուած, ԺՄԿ-ի ազդեցութեան տակ գործուած ըլլալ, սակայն ոչ ուղղակի կերպով այդ երկու կազմակերպութիւններուն կողմէ գործադրուած։

Այս վարկածը մատնացոյց կ՚ընէ կացութիւն մը, որ պիտի անհանգստացնէ Անգարան։ Պէտք է գիտակցինք, որ այս յարձակումը հակադարձութիւն մըն էր հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն եւ Աֆրինի մէջ ԺՄԿ-ի դիրքերու ռմբակոծման։

ՔԱԿ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարէն դասեր կը քաղէ։ ՔԱԿ-ի լաւապէս իւրացուցած գործելաոճերէն մէկը գործողութիւններուն որոշումի որդեգրման հոլովոյթն է, ուր տեղական բջիջներուն կ՚արտօնուի իրենք իրենց ծրագրումը, գործադրումը եւ ֆինանսաւորումը կատարել։ Ինչ որ կը նշանակէ, թէ մենք մեզ կը գտնենք բջիջներու դիմաց, որոնք ՔԱԿ-ի բարձր հրամանատարութենէն ուղղակի հրամաններ չեն ստանար եւ իրենց յարձակումները կը ծրագրեն, ըստ գետնի վրայ զարգացումներուն։

Այդ անկախ բջիջները այդպիսի ոչ ծախսալից եւ մեծապէս ազդու գործողութիւններու ճամբով Անգարայի վրայ ճնշում կը բանբեցնեն, սակայն չեն վտանգեր ՔԱԿ-ի հետզհետէ աճող վարկը։ Մինչ այդ՝ Անգարան Սուրիոյ մէջ մեկուսացուած է, հարցեր կը դիմագրաւէ իր տեսակէտները Միացեալ Նահանգներուն եւ այլ արեւմտեան դաշնակիցներուն ու միջազգային հասարակցութեան բացատրելու մէջ։ Բնականաբար, Անգարայի աղարտուած վարկը եւ համոզելու կարողութեան մաշումը նպաստաւոր է ՔԱԿ-ին։

Գետնի վրայ Անգարայի ընտրանքները սահմանափակ են։ Հաւանական է, որ թրքական հրետանիի Սուրիոյ մէջ ԺՄԿ-ի դիրքերու ռմբակոծումը ծանրանայ եւ Թուրքիոյ եւ քրտական կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանին միջեւ սահմանային անցքի հսկողութիւնը խստացուի։ Նաեւ հաւանական է, որ Անգարա երկրին հարաւարեւելեան շրջանին մէջ իր կրած զինուորական կորուստներուն պատճառով աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրէ, սակայն իրականութեան մէջ Անգարան ազդու ընտրանքներ չունի։

Պէտք չէ անտեսել բարոյական, յարանուանական, քաղաքական եւ ընկերատնտեսական վիհերը, որոնք պիտի խորանան Անգարայի կողմէ աւելի խիստ ապահովական միջոցառումներուն պատճառով։ Իսկական հարցումը, որ Անգարան պէտք է ինքզինքին ուղղէ այն է, որ ինչու Թուրքիան վերածուեցաւ երկիրի մը, ուր ահաբեկչական արարքներու գործադրումը դարձած են շատ դիւրին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.