Հըզպալլայի ներկայացուցիչները այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին
Յունուար 07, 2015ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հըզպալլան ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հըզպալլայի Քաղաքական Յանձնախումբի նախագահը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր, Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումը առիթ ...