Լոյս տեսաւ «Համազգային»ի նախաձեռնած Արեւմտահայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններու ալպոմը
Սեպտեմբեր 24, 20151965-ին Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի ամբողջ տարածքին, հայութիւնը հաւաքական ինքնամփոփումի պահ մը ունեցաւ, ոգեկոչելով, շուրջ մէկուկէս միլիոն իր նահատակներուն հետ, նաեւ իր պապենական բռնագրաւուած հողերը, մշակութային եւ գեղարուեստական անցեալի իր անգնահատելի հարստութիւնները: 1966-ին, երբ տակաւին ...