Եգիպտոսի Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Եգիպտոսի գլխաւոր երկու քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնք արդէն իսկ յայտարարած են, թէ կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, նոր ընտրութիւններէն ետք խորհրդարանին մէջ պիտի բարձրացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման հարցը», ըսած է Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներու ամփոփումը կատարող քննարկումներուն համար Հայաստան գտնուող Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Արմէն Մազլումեանը:

«Յանձնախումբը նախկին խորհրդարանին մէջ ջանք թափեց, որ Եգիպտոս ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց տակաւին այդ պահը չէր եկած, ըստ երեւոյթին: Սակայն, կը կարծեմ, որ Եգիպտոս պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», աւելցուցած է Մազլումեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.