Հակառակորդը Ակնայի Ուղղութեամբ Տուած է Մէկ Տասնեակէն Աւելի Զոհ եւ Վիրաւոր. ՊՆ


ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է Ատրպէյճանի կրակային հարուածներուն իբրեւ արդիւնք եօթը հայ զինուորական ծառայողի մահուան մասին Ատրպէյճանի ՊՆ-ի տարածած յայտարարութիւնը:

 «Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այսօր տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր իրենց զինուժի թիրախային կրակային հարուածների հետեւանքով եօթ հայ զինծառայող է սպաննուել, իրականութեանը չի համապատասխանում:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարում է, որ ի պատասխան ատրպէյճանական զինուժի նախայարձակ գործողութիւնների, ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմել են պատժիչ քայլերի, ինչի արդիւնքում հակառակորդը Ակնայի ուղղութեամբ տուել է մէկ տասնեակից աւելի զոհեր եւ վիրաւորներ:

Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չի տուել»,- ըսուած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.