Ակնի հայկական գիւղերու բռնի իսլամացումը 1662-ին
Մայիս 11, 2016Հայ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի (1876-1953) «Հայ գաղթականութեան պատմութիւն» ծաւալուն աշխատութեան մէջ, շատ մը հատուածներու մէջ կը նշուին Արեւմտահայաստանի շարք մը բնակավայրերու բռնի իսլամացման դէպեքերու մասին 15-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դար։ Ստորեւ կը ներկայացնենք վերոնշեալ գիրքէն Ակնի շրջակայ գիւղերու իսլամացման պատմութիւնը, ...