Zumbathon-ով 25 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին


Գարնան առաջին «Zumbathon zénifié »ն, կազմակերպութեամբ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Ծնողական յանձնախումբին, համագործակցաբար Տնօրէնութեան եւ դպրոցի Հիմնադրամին, տեղի ունեցաւ 6 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Հ.Մ.Ը.Մ.-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզարանէն ներս:

“Սկզբնական գնահատումով, ձեռնարկը առիթ ընծայեց 25.000 տոլարէն աւելի գումար մը հաւաքելու: Ճշգրիտ գումարը շուտով պիտի գիտնանք: Կը շարունակենք նուիրատուութիւններ ստանալ”,- յայտարարած է Զումպաթոնի ենթայանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ.Վերա Եագուպեանը:

500 մասնակիցներ, որոնց կարգին աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, Ծնողական յանձնախումբի կամաւորներ, բարեկամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Կամքի սկաուտներ, Զումպայի մարզիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հովանաւորողներ հաւաքուած էին շուրջ 3 ժամ Զումպա պարելու եւ այս միջոցաւ դրամահաւաք կատարելու 3 նպատակներու համար.

  • Նպաստել մասնակցողներու առողջութեան, ապրելակերպի լաւ սովորութիւններու ձեռքբերման եւ ֆիզիքական բարելաւման:
  • Նորոգել դպրոցին գրադարանը:
  • Զօրակցիլ McGill-ի քաղցկեղի The Bell Fund հիմնադրամին, մեր դպրոցի աշակերտներուն հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս:

 

«Հորիզոն»ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Ս. Յակոբ վարժարանի ընդհանուր Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Լենա Գատեան յայտնեց, որ 2 տարիներէ ի վեր Սուրիայէն ժամանած աշակերտներու գալուստով՝ դպրոցը կը դիմագրաւէ աննախընթաց մարտահրաւէրներ: Արդարեւ, ժամանակէ մը ի վեր, ֆինանսական բոլոր միջոցները ուղղուած են անձնակազմ ապահովելու եւ դասարաններ հաստատելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ներառել նոր արձանագրուած 182 աշակերտներ: Զուգահեռաբար, դպրոցը կը շարունակէ իր բնականոն ընթացը. տարեսկիզբին առաջնահերթութիւն նկատեցինք նորոգել գրադարանը, որ առօրեայ կերպով կը գործածուի Ծաղիկ, «Վ . Եւ Ա. Սարաֆեան» նախակրթարանի եւ «Բաստրմաճեան» երկրորդականի շուրջ 800 աշակերտներուն կողմէ։ Գրադարանի վերջին նորոգութիւնը տեղի ունեցած է 20 տարի առաջ: Մեր սքանչելի Ծնողական յանձնախումբը հասկցաւ այս պահանջը եւ լաւագոյն լուծումը բերաւ հարցին ղեկավարութեամբ Տիկ.Լորի Արթինեանին:

Առիթը օգտագործելով, սրտագին շնորհակալութիւններս կ՛ուզեմ փոխանցել բոլոր նուիրատուներուն, աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ բարեկամներուն, եւ մասնաւորաբար Ծնողական յանձնախումբին, որոնք միասնաբար աշխատեցան այս բացառիկ ծրագիրը յաջողցնելու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.