«Էն.Պի.Էյ.». Օրլինզ, Օքլահոմա Եւ Վուլվզ` Յաղթական


Անթոնի Տէյվիս (աջին)

Անթոնի Տէյվիս (աջին)

«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:

Նիւ Եորք Նիքա, որ հիւրընկալեց Նիւ Օրլինզը, 110-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 40 կէտ եւ 18 ռիպաունտ:

Շիքակոյի մէջ, Պուլզ իր կարգին պարտուեցաւ իր հիւրէն` Օքլահոմա Սիթիէն, 109-84 արդիւնքով:

Սթիւըն Էտըմզ (Օքլահոմա) եւ Տուայն Ուէյտ (Պուլզ) նշանակեցին 22-ական կէտ:

Վերջապէս, երրորդ մրցումին, Մինեսոթա Վուլվզ 101-92 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տալաս Մավըրիքսին: Քարլ-Անթոնի Թոմաս (Վուլվզ) նշանակեց 34 կէտ, մինչ Հերիսըն Պառնզ (Տալաս) 30 կէտ:

Ստորեւ  կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շիքակօ Պուլզ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Պրուքլին Նեթց- Աթլանթա Հոքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Շարլոթ Հոռնեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Միլուոքի Պաքս
Եութա Ճեզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըզ – Մայեմի Հիթ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.