«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց Ռեփթըրզի, Հարտեն Նշանակեց 40 Կէտ


harden_10917

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն Հիուսթըն Ռոքեթց Թորոնթոյի մէջ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 129-122 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Ռեփթըրզը:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 40 կէտ, մինչ Տեմար Տերոզա (Թորոնթօ)` 36 կէտ:

Իր դաշտէն դուրս յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Տիթրոյիթ Փիսթընզ, որ երկրորդ երկարաձգումէն ետք 125-124 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը:

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 117-106 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզի` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Սթեֆըն Քերի (Ուորիըրզ) նշանակեց 30 կէտ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Պրուքլին Նեթց 105-95
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս 107-101
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մայեմի Հիթ 98-86
Հիուսթըն Ռոքեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 129-122
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ 88-79
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ֆէոնիքս Սանզ 120-116
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 117-106
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 125-124
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 111-95

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Նիւ Եորք Նիքս – Նիւ Օրլինզ
Շիքակօ Պուլզ – Օքլահոմա Սիթի
Մինեսոթա Վուլվզ – Տալաս Մավըրիքս


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.