Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Կազմը Յաղթական` 7-3 Արդիւնքով


futsal-beirut_1817

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ 7-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփորթց Վիյը:

Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին (Ռաուտա) մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Երուանդ Վարդգէս Մանասերեան, Նենօ Պէրպէրեան, Արեք Թասլաքեան, Ալի Սաատէ (2 կոլ), Ապպաս Սաատէ եւ Պասել Ֆաքիհ:

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այժմ ՀՄԸՄ Պէյրութ կը գրաւէ խմբակին պարագլուխի դիրքը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.