«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 2016 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն` Բոլոր Տեսակի Մարզաձեւերուն


PROFOTO

PROFOTO

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, կազմակերպիչ ակումբը կատարեց 2016 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` բոլոր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ, որոնց ընթացքին մրցանակներու տիրացած են անոր երկսեռ մարզիկները:

Այս մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին ակումբի նախագահ Ֆուատ Խազեն, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներ, մարզիկներուն ծնողները եւ մարզական լրագրողներ:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք խօսք առնող պատասխանատուները յաջողութիւն մաղթեցին մրցանակակիրներուն եւ նորանոր նուաճումներ` 2017-ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.