Հայաստան-Իրան՝ Երեւան պէտք է որոշում տայ «Ղարաբաղի վերջնական լուծում»-ի վերաբերեալ
Վիաչիսլաւ Միխայլով eadaily.com-ի մէջ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը սպասեն նախագահ Ռուհանիի այցելութիւնը Երեւան։ Այսօր‚ Հայաստան կը կազմէ նոր կառավարութիւն մը, եւ Իրանի ղեկավարի այցելութիւնը պիտի ըլլայ Թեհրանի կողմէ յաւելեալ յարգանքի մատուցում։
Կարգ մը իրանցի դիւանագէտներ կը նախատեսեն‚ որ այս այցելութիւնը հայ-իրանական յարաբերութիւններու զարգացման համար վճռորոշ ըլլայ։ Այստեղ կեդրոնացումը առեւտրական եւ տնտեսական կապերու վրայ է‚ մասնաւորաբար հայ-իրանական երկաթուղագիծի ծրագիրին։
Սակայն այսօր Հայաստան կը դիմագրաւէ կացութիւնը մը‚ երբ կարիքը ունի նաեւ Իրանի քաղաքական աջակցութեան։ Գլխաւոր հարցերէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապն է։
Տակաւին յստակ չէ‚ այցելութեան թուականը, սակայն Իրանի իշխանութիւնները կը յայտնեն‚ որ Ռուհանի մօտօրէն պիտի այցելէ Հայաստան։ Ուստի Հայաստան շատ ժամանակ չունի Իրանին յստակացնելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ իր նպատակը։
Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ‚ որ 2001-ին Քի Ուեսթի մէջ կողմերը բանակցեցան դիպաշարի մը շուրջ‚ որ կը նախատեսէ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիացումը Հայաստանի։
Նախագահ Սարգսեան փախուստ կու տայ պատասխանելէ այն հարցումին‚ թէ Հայաստան կ’ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի իրեն միացո՞ւմը թէ անկախացումը։ Յօդուածագիրը իր յիշեցնէ‚ որ իր նախկին գրառումներուն մէջ նշած էր‚ որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները վերջին դիպաշարը կը նկատեն լաւագոյնը‚ ինչ որ կը նշանակէ‚ թէ Լեռնային Ղարաբաղը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, որ մաս կը կազմէր նախկին Խորհրդային Ազրպէյճանի հանրապետութեան, պիտի կցուի Հայաստանին՝ ցամաքային միջանցքի մը միջոցով։ Ասիկա բազմաթիւ խնդիրներ պիտի լուծէ։ Ամենէն կարեւորը՝ պիտի երաշխաւորէ երկարատեւ լուծում մը եւ բացառէ յառաջիկայ տարիներուն նոր տագնապ մը։
Իրան եւս հետաքրքրուած է այդպիսի լուծումով մը, որ թէեւ «օրինական» միջնորդ մը չէ‚ սակայն անոր կարծիքը կարելի չէ անտեսել։ Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստան հետզհետէ «Ղարաբաղի վերջ»-ին վերաբերեալ իր պատկերացումին հարցով աւելի անկեղծ կը գտնուի Իրանի հետ։
Այս հարցին նկատմամբ Իրանի մօտեցումը ծանօթ է. խաղաղ լուծում հիմնուած միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն վրայ։ Եւ Իրան միշտ պատրաստ է օգնելու։
Տագնապի լուծման համար հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն օգնելու անոր առաջին փորձը ձախողեցաւ։ 7 Մայիս 1992-ին‚ Իրանի‚ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները ստորագրեցին դաշնագիր մը, ըստ որուն մինչեւ մէկ շաբաթ Իրանի նախագահի յատուկ պատուիրակ Մահմուտ Վայեզին (օրին Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար «Հ») պիտի այցելէ տարածաշրջան եւ բանակցի առնչակից կողմերուն հետ‚ վերջիններս պէտք է զինադադար հաստատեն եւ վերաբանան բոլոր ճամբաները։
Այս նախաձեռնութիւնը յաջորդ օրն իսկ փուլ եկաւ‚ երբ հայերը գրաւեցին Շուշին եւ քանդեցին շրջանին մէջ ատրպէյճանցիներու գլխաւոր կեդրոնը։ Իրանցիները տակաւին կը յիշեն այդ ձախողութիւնը եւ այս խնդիրին նկատմամբ յատուկ մօտեցում որդեգրած են։
Երբ Մայիս 1994-ին հակամարտող կողմերը զինադուլի համաձայնութիւն ստորագրեցին‚ իրանցիները վերանորոգեցին միջնորդութեան իրենց ջանքերը։ Անոնցմէ մէկը տեղի ունեցաւ 1997-ին ռուսերուն հետ միասին։ Երբ ԵԱՀԿ-ը կազմեց Մինսքի խմբակ մը‚ որուն մաս կազմեցին Ռուսիան‚ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան՝ իրանցիները դադրեցուցին միջնորդութեան իրենց ջանքերը։ Թէեւ թերահաւատութեամբ կը վերաբերին Մինսքի խմբակին‚ սակայն ծանօթ է‚ որ Քի Ուեսթի մէջ Քոչարեան-Ալիեւ հանդիպումէն առաջ միջազգային միջնորդները իրանցիներուն հետ խորհրդակցեցան։
Իրան սահմանակից է հակամարտող բոլոր կողմերուն։ Ահա թէ ինչո՛ւ ջատագով է խաղաղութեան եւ շրջանին մէջ նոր պատերազմի բացառման։
Աֆղանիստանի եւ Իրաքի հետ անհանգիստ դրացնութեան փորձառութիւնը Իրանը կը մղէ իր հիւսիսային սահմանին վրայ խաղաղութեան հաստատման ձգտելու։ Ահա թէ ինչո՛ւ իրանցիները կացութեան խաղաղեցման բուռն ջատագովներն էին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քառօրեայ պատերազմին ընթացքին‚ մանաւանդ որ երկու ռումբեր ինկան իրենց հողամասերուն վրայ։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր պատերազմ մը‚ անկախ անոր արդիւնքէն‚ Ատրպէյճանը առաւել եւս կախեալ պիտի դարձնէ Թուրքիայէն։ Իրան այդ մէկը չ’ուզէր։ Թուրքերը զինուորական կայք ունին արդէն Նախիջեւանի մէջ եւ գործօն տեղեկահաւաք կը կատարեն հարաւային Ատրպէյճանի նահանգներուն մէջ։ Իրանի գաղտնի սպասարկութիւնները իրենց կարելին ըրած են արգելակելու համար «Երկու Ատրպէյճանները վերամիաւորելու» ծրագիրը։ Սակայն եթէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը վերսկսի այդ ծրագիրը կրնայ վերակենդանանալ։
Ներկայ զինադադարը իրանցիներուն առիթ կ’ընծայէ կեդրոնանալու Իրաքի եւ Սուրիոյ նման առաջնահերթութիւններու վրայ։ Իրանցիները կը բարելաւեն Արեւմուտքին հետ իրենց յարաբերութիւնները եւ կը սերտեն Ռուսիոյ հետ ահաբեկչութեան դէմ դաշինքի մը մաս կազմելու հարցը։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութեան վերսկսումը կրնայ այդ հոլովոյթները վիժեցնել՝ ի նպաստ Թուրքիոյ։
Իրանի համար եւս լուծում է Երեւանի (Ստեփանակերտ) եւ Պաքուի միջեւ փոխզիջում մը միջնորդելը։ Այդ մէկը ճամբայ պիտի հարթէ երկարատեւ խաղաղութեան ու շրջանային նոր ծրագիրներու, եւ Իրան պիտի կարենայ Հայաստանը‚ Ատրպէճանը եւ Վրաստանը Արաբական Ծոցի-Սեւ ծով անդրսահմանեան փոխադրութեան միջանցքին միացնելու ծրագիրը իրագործել։
Եթէ Լեռնային Ղարաբաղը միանայ Հայաստանի եւ «ապահովական գօտի»-ի տարածքները վերադարձուին Ատրպէյճանին՝ Իրան շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան երաշխիքներ պիտի ունենայ։ Ինչ որ պիտի նպաստէ Հասարակաց անվտանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութեան դերակատարութեան զարգացման եւ պիտի սանձէ Ատրպէյճանի ՕԹԱՆ-ամէտ եւ թրքամէտ մղումը։ Ռուսիոյ համար այդ մէկը պիտի երաշխաւորէ պլոքի մը մաս չկազմելու Ատրպէյճանի կարգավիճակը։ Այստեղ ռուսերն ու իրանցիները հասարակաց նպատակներ ունին։ Ատրպէյճանի զէնքի մատակարարումներու շարունակումը‚ հակառակ Հայաստանի արդար դժգոհութեան‚ կ’օգնեն Ռուսիոյ՝ ատրպէյճանցիները հեռու պահելու ՕԹԱՆ-էն‚ որովհետեւ այդ դաշինքը դժուար թէ իր կազմին մէջ ընդունի երկիր մը‚ որուն զէնքերուն 85-90 առ հարիւրը Ռուսիայէն են։
Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք‚ Իրան այն երկիրներէն մէկն էր‚ որ կը փափաքէր Հայաստանը տեսնել ուժեղ։ Իրանցիները դժուար թէ մօտիկ ապագային հայերուն հետ խնդիրներ ունենան։ Նոյնը չէ պարագան Ատրպէյճանին։ Եւ թէեւ իրանցիները պաշտօնապէս կ’ըսեն, որ «ապահովական գօտի»-ն պէտք է վերադարձուի Ատրպէյճանի‚ իրենք պիտի ըլլան առաջինը‚ որ երաշխիքներ պիտի պահանջեն‚ եթէ հայերը հեռանան այդ շրջանէն։
Իրանի համար ուժեղ Հայաստան մը միշտ ալ հակակշիռ մը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ հրահրող փառամոլութիւններ ունեցող եւ Իրանի հիւսիսային նահանգներուն մէջ ազդեցութիւն ունենալու ձգտող Ատրպէյճանին։ Իրանցիները նաեւ դժգոհ են Ատրպէյճանի Իսրայէլի հետ ունեցած կայուն զինուորական եւ քաղաքական կապերէն։ Ասիկա յաւելեալ փաստարկ մըն է անտեսելու համար «ապահովական գօտի»-ին մէջ հայկական զօրքի ներկայութիւնը։
Ուստի‚ Ռուհանիի այցելութենէն առաջ Հայաստանի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ ընդգծել Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ գլխաւոր կէտերը։ Հայերը արդէն իսկ խաղաղութեան հոլովոյթին վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող հիմքը վերատեսութեան կ’ենթարկէ։ Սակայն Իրանի եւ Ռուսիոյ իսկական ուզածը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան պղտոր ակնարկներ չեն‚ այլ յստակ պատկերացում մը Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան հոլովոյթի վերջնական նպատակին՝ հայկական երկու հանրապետութիւններու վերամիացումին։