ԿԸՅ-ն մերժեց «Ուժեղ Հայաստանի» գրանցումը չեղարկելու դիմումը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.— Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) միաձայն մերժեց «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան դիմումը, որով պահանջուած էր անվաւեր յայտարարել «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի գրանցումը։
Մօտ երկու ժամ տեւած քննարկումէն ետք, ԿԸՅ նախագահ Վահագն Յովակիմեան յայտարարեց, որ գրանցումը անվաւեր ճանչնալու համար օրէնքով նախատեսուած հիմքեր գոյութիւն չունին, մինչդեռ ուժը կորսնցուցած ճանչնալու պահանջը հիմնուած է ենթադրութիւններու վրայ։
«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը իր դիմումին մէջ յղում կատարած էր ընտրակաշառքի վերաբերեալ հրապարակումներու, դիտորդական կազմակերպութիւններու տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ «Ուժեղ Հայաստանի» հետ կապուած որոշ անձերու շուրջ շրջանառուող պնդումներու։ Դաշինքը, սակայն, մերժած է բոլոր մեղադրանքները՝ զանոնք անիրաւաչափ եւ անհիմն որակելով։
Նիստին ընթացքին «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը նաեւ միջնորդեց, որպէսզի ԿԸՅ-ն իրաւապահ մարմիններէն տեղեկութիւն պահանջէ ընտրակաշառքի վերաբերեալ ընթացող քրէական վարոյթներու մասին, սակայն յանձնաժողովը մերժեց այդ միջնորդութիւնը։
«Ուժեղ Հայաստանի» ներկայացուցիչները դիմումը բնորոշեցին որպէս «իրաւական անհեթեթութիւն»՝ ընդգծելով, որ Ընտրական օրէնսգիրքը նման որոշումներու համար կը պահանջէ համապատասխան ապացոյցներ, որոնք ներկայացուած չեն։
Յատկանշական է, որ դիմումը ներկայացուած էր «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան կողմէ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յորդորէն անմիջապէս ետք, որ հնչած էր Հանրային հեռուստատեսութեամբ կայացած նախընտրական բանավէճի ընթացքին։ «Ուժեղ Հայաստանի» ներկայացուցիչները այս հանգամանքը գնահատեցին որպէս քաղաքական ուղղակի միջամտութիւն։