23 Յունիս 1919. Նորանկախ Հայաստանի Անդրանիկ Խորհրդարանի Կազմութեան Ընտրութիւնները
1919-ի այս օրը՝ 23 Յունիսին, աւարտեցան անդրանիկ խորհրդարանի ձեւաւորման պատգամաւորական առաջին ընտրութիւնները նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
Ուշագրաւ իրողութիւն է, որ 28 Մայիս 1918-ին Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ հայ ազգային առաջին Հանրապետութեան հռչակումէն շուրջ 13 ամիս ետք միայն կատարուեցան ժողովրդավարական առաջին ընտրութիւնները Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ։
Հիմնական պատճառը, անշուշտ, Հայաստանի Հանրապետութեան ինչպէս ծնունդը, այնպէս ալ կայացումը յատկանշող մեծ դժուարութիւններն էին։
Մայիս 1918-ի վերջերուն, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, բառին բուն իմաստով «Անձեւ քաոս» մը կը պարզէին ամբողջ Ռուսաստանը, մանաւանդ՝ Անդրկովկասը եւ, ընդհանրապէս, տարածաշրջանը, ուր Առաջին Աշխարհամարտը դեռ աւարտած չէր։ Իսկ փլուզուած Ցարական Կայսրութեան փլատակներուն վրայ, անկախ Հայաստան եւ հայոց պետականութիւն կերտելու մեծ եւ երկարաշունչ վազքը դեռ նոր սկսած էր՝ մեր երկրին ու ժողովուրդին սպառնացող ներքին թէ արտաքին թշնամիներու ներկայացուցած օրհասական վտանգը յաղթահարելու գերագոյն լարումով։
Այդ պայմաններուն մէջ, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդը նախ նշանակած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութիւնը՝ իր կազմէն Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ, ապա նաեւ՝ նոյնինքն Ազգային Խորհուրդի իր բազմակուսակցական բաղադրութեամբ՝ առաջացուցած էր Հայաստանի Խորհուրդը, որ նորաստեղծ հայոց պետականութեան օրէնսդրական հիմերը մշակելու առաքելութիւնը ունէր։
Թէեւ Դաշնակցութիւնը տիրական մեծամասնութիւն ունէր թէ՛ Քաջազնունիի կառավարութեան եւ թէ Հայաստանի Խորհուրդին մէջ, այսուհանդերձ՝ յատկապէս օրէնսդիր իշխանութեան ձեւաւորման կոչուած Հայաստանի Խորհուրդի պարագային, բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով ժողովրդավարական քննարկումներ կ՚ընթանային՝ պարզելով տեսակէտներու եւ ընտրանքներու բազմակուսակցական բուռն բախումներ։ Սոցիալիստ-Յեղափոխականները, Ժողովրդականները (հետագայ Ռ.Ա.Կ.ի հայաստանեան կորիզը) եւ անկուսակցականները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրական հիմերու ճշդորոշման եւ մշակումին մէջ։
Օրէնսդրական իր բոլոր քայլերուն մէջ, Հայաստանի Խորհուրդը կարեւորութեամբ շեշտեց Սահմանադիր Ժողովի գումարման հրամայականը, որպէսզի Հայաստանի ներ-քաղաքական դաշտը ներկայացնող քաղաքական հիմնական ուժերու եւ կուսակցութիւններու կողքին՝ նոյնինքն ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը ունենար եւ վճռորոշ խօսքը ըսէր հայոց նոր պետականութեան Հիմնական Օրէնքին եւ սահմանադրական օրէնքներու որդեգրման վերաբերեալ։
Այսպէ՛ս, միաժամանակ ընթացան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու ընդարձակումը, ներքին դժուարութեանց յաղթահարումը (սովահարներու սնունդով ապահովումը, համաճարակներու դէմ պայքարը եւ գաղթականներու պատսպարումը), պետական վարչամեքենայի կառուցումը, ներքին եւ արտաքին թշնամիներու դէմ պաշտպանութեան կռուաններու ամրապնդումը եւ, մանաւա՛նդ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական հիմերու ճշդորոշումը։
Հայաստանի Խորհուրդը բաղկացնող բոլոր ուժերը համաձայնութիւն գոյացուցին՝ խորհրդարանական կառավարման համակարգով իշխանութիւնը ձեւաւորելու սկզբունքին շուրջ։ Լրացուցիչ՝ որոշում կայացուցին նաեւ Տեղական Ինքնակառավարման Համակարգի որդեգրման շուրջ։ Այդ զոյգ ուղղութիւններով համաձայնութեան յանգելէ ետք, Մարտ 1919ին, Հայաստանի Խորհուրդը որոշեց Մայիսին կատարել տեղական ինքնակառավարման համաժողովրդական ընտրութիւնները, իսկ Յունիսի 21-էն 23՝ հանրապետական ընդգրկումով ունենալ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Միշտ Հայաստանի Խորհուրդէն ներս բոլոր ուժերուն միջեւ կայացած համաձայնութեան հիման վրայ՝ Հայաստանի նորաստեղծ խորհրդարանը պէտք է ունենար 80 պատգամաւոր։
Մարտ 12-ին կառավարութիւնը հաստատեց համապատասխան ընտրական օրէնքը, որ հիմնուած էր 1917-ի համառուսական ընտրութեանց համար որդեգրուած օրէնքին վրայ։ Ընտրելու իրաւունք ստացան 20 տարիքը լրացուցած բոլոր քաղաքացիները՝ առանց սեռի, դաւանանքի եւ ազգային պատկանելութեան խտրութեան։ Կատարուեցաւ ընտրողներու ստուգման մարդահամար եւ հաստատուեցաւ, որ առանց Կարսի եւ Շարուր-Նախիջեւանի օրինակով պատերազմական պայմաններու մէջ գտնուող շրջաններու բնակչութիւնը հաշուելու, Հայաստանի Հանրապետութիւնը օրին ունէր 385.780 քուէարկող։
Կառավարութիւնը նշանակեց նաեւ ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովը, որ իր կարգին առաջացուց տեղական համապատասխան յանձնաժողովները եւ ամբողջ երկիրը թեւակոխեց նախընտրական պայքարի բուռն հանգրուանը։
Մայիսին կայացած տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւնները աւարտեցան Դաշնակցութեան ընտրացուցակներու ջախջախիչ յաղթանակով, ինչ որ իր անդրադարձը ունեցաւ խորհրդարանական ընտրապայքարի հետագայ ընթացքին վրայ։ Յատկապէս Ժողովրդական կուսակցութիւնը, որ մինչ այդ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած էր թէ՛ Հայաստանի Խորհուրդի աշխատանքներուն եւ Քաջազնունիի կառավարութեան, թէ՛ տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն, որոշեց պոյքոթի ենթարկել խորհրդարանական ընտրապայքարը։ Ժողովրդականներու այս քայլը ունէր նաեւ հիմնական քաղաքական պատճառներ, որոնց շարքին կարեւորագոյնը Պօղոս Նուպար փաշայի բուռն ընդդիմութիւնն էր Հայաստանի Խորհրդարանի կազմութեան գաղափարին։
Այսուհանդերձ՝ Յունիսի 21-էն 23 տեղի ունեցան Հայաստանի անդրանիկ Խորհրդարանի ընտրութեան քուէարկութիւնները, որոնց արդիւնքով՝ պատգամաւորական 80 տեղերէն Դաշնակցութիւնը տիրացաւ 72ին (ստանալով 230.272 քուէ)։ Սոցիալիստ-Յեղափոխականները ունեցան 4 պատգամաւոր, թուրքերը՝ 3, իսկ անկուսակցականները 1 պատգամաւոր։
Դաշնակցութեան ընտրական փայլուն յաղթանակն ու նորաստեղծ խորհրդարանէն ներս գերակշիռ ներկայութիւնը հիմնաւոր պատճառներ ունէին։
– Անկախ Հայաստանի ստեղծման եւ հայոց պետականութեան կերտման առաջին տարին իրապէս մեծ յառաջընթաց արձանագրած էր եւ հայ ժողովուրդը անվերապահօրէն իր վստահութեան քուէն տուաւ Հայաստանի անկախութեան կռիւը գլխաւորած եւ հայոց պետականութեան վերականգնումի ուղին հարթած իր համահայկական կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Հայաստանի անդրանիկ խորհրդարանին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Օգոստոս 1-ին։
Հայոց նորագոյն պատմութեան այդ լուսաւոր ժամանակաշրջանին վրայ նետուած յետադարձ այս հայեացքն ու արժեւորումը ուսանելի դասեր կը փոխանցեն նաեւ մեր ներկային համար։
Ամէն անգամ, որ վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ ներքին լարուածութիւնը եւ իշխանութիւններէն ժողովրդային դժգոհութիւնը մագլցում կ’արձանագրեն՝ յատկապէս նախագահական կառավարման համակարգին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ համապետական բոլոր ընտրութեանց կամ համաժողովրդային քուէարկութեանց դէմ գործուած իրաւախախտումներուն եւ աղաւաղումներուն նկատմամբ, հայ մարդը բնականաբար կը մտաբերէ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման օրերը եւ ժողովրդավարական կարգերու հաստատման ու արմատաւորման ուղղութեամբ հայ հասարակութեան արձանագրած յառաջխաղացքը։
Իբրեւ ներշնչման այդպիսի՛ ոգեւորիչ աղբիւրի՝ ՄԱՅԻՍ 28-ի աւանդը անփոխարինելի հարստութիւն է հայ քաղաքական մտքին համար։
Հայաստանի Հանապետութեան առաջին երկուքուկէս տարիները ուսանելի կենսափորձ եւ առաջնորդող ուղի հանդիսացան ոչ միայն սեփական միջոցներով պետականութիւն կերտելու եւ ժողովուրդ պահպանելու առումով, այլեւ՝ աւատապետական եւ բռնատիրական կարգերու «ժառանգութենէն» դէպի ժողովրդավարութիւն անցում կատարելու, յատկապէս հայ քաղաքական մտքին ինքնավստահութիւն ներշնչելու իմաստով։
23 Յունիս 1919-ին նորանկախ Հայաստանն ու իր ազատութեան տիրացած եղեռնապուրծ հայութիւնը պատմական նշանակութեամբ մեծ քայլ մը նետեցին՝ ժողովրդավարութեան ճամբով ազգային պետականութեան կռուանները հզօրացնելու եւ հաւաքական ուժով սեփական կամքին տիրութիւն ընելու ուղղութեամբ։
Ազատ ու անկախ Հայաստանի խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները դարաշրջան բացին հայ քաղաքական մտքին համար։
Նազարէթ Պէրպէրեան