«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը պահանջէ անվաւեր ճանաչել ընտրութիւններու արդիւնքները

ԵՐԵՒԱՆ. – «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը յայտարարած է, թէ պիտի դիմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով՝ պահանջելով անվաւեր ճանաչել Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները՝ պատճառաբանելով, որ անոնք չեն կրնար վերջնական եւ արժանահաւատ համարուիլ, քանի դեռ հարիւրաւոր ընտրատեղամասերու մէջ վերահաշուարկները կը շարունակուին։

Դաշինքի ընտրացանկը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեան յայտնած է, թէ վաղը պիտի ներկայացուի համապատասխան դիմումը՝ ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ ձայներու հաշուարկի գործընթացին վերաբերեալ վերանայում պահանջելով։ Ան նաեւ զգուշացուցած է, որ եթէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը անհապաղ չարձագանգէ, դաշինքը հարցը պիտի տեղափոխէ Սահմանադրական դատարան։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած տուեալներով՝ վերահաշուարկի դիմումներ ներկայացուած են երկրի 555 ընտրատեղամասերու համար, ինչ որ աննախադէպ ցուցանիշ կը նկատուի եւ նոր հարցադրումներ կը յառաջացնէ ընտրական գործընթացի վստահելիութեան շուրջ։

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը պնդէ, թէ քուէներու հաշուարկին մէջ արձանագրուած անհամապատասխանութիւնները, ընտրախախտումները եւ նախընտրական ու ընտրական օրուան ընթացքին վարչական լծակներու չարաշահումը հիմք կու տան ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու։

Վերահաշուարկներու մեկնարկէն առաջ հրապարակուած նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ դաշինքը ստացած էր 340,062 քուէ կամ ընդհանուր ձայներու 23.29 առ հարիւրը՝ դառնալով նոր կազմուելիք Ազգային ժողովի ամէնէն մեծ ընդդիմադիր ուժը։