Արթուր Օսիպեան ազատ արձակուեցաւ

ԵՐԵՒԱՆ․ 23 օր բանտի մէջ հացադուլ իրականացուցած արցախցի հասարակական գործիչ Արթուր Օսիպեանը այսօր անհապաղ ազատ արձակուած է։

Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնած է, թէ որոշումը ընդունուած է հաշուի առնելով քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու երաշխաւորութիւնները եւ հսկող դատախազին ներկայացուած միջնորդութիւնները։ Որոշումը ուղարկուած է «Նուբարաշէն» քրեակատարողական հիմնարկ, իսկ Քրէակատարողական ծառայութիւնը հաստատած է, որ Օսիպեանն արդէն ազատ արձակուած է։

Ազատ արձակումէն առաջ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան այցելած էր Օսիպեանին եւ կարեւոր համարած էր այլընտրանքային խափանման միջոցի կիրառման հնարաւորութեան քննարկումը։ Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան եւս ժամեր առաջ յայտարարած էր, թէ «խիստ ցանկալի» է անոր խափանման միջոցի փոփոխութիւնը։

Օսիպեանի փաստաբան Դաւիթ Յովհաննիսեան զգուշացուցած էր, որ 23-օրեայ հացադուլի հետեւանքով անոր առողջական վիճակը ծանր է։ Ան նաեւ նշած է, որ իր պաշտպանեալը կը շարունակէ հացադուլը եւ շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր կը հրաժարի բժշկական զննութիւններէ։

Արցախցի գործիչը կալանաւորուած էր Նիկոլ Փաշինեանի նախընտրական հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպէն ետք՝ բռնութեան հրապարակային կոչերու, խուլիկանութեան եւ քարոզարշաւին խոչընդոտելու շինծու մեղադրանքներով։ Ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք ան հացադուլ յայտարարած էր՝ պահանջելով, որ Փաշինեան ներողութիւն խնդրէ իրեն «փախած» անուանելու եւ հասցէագրուած վիրաւորանքներուն համար։

Օսիպեանի ազատ արձակումը նախորդած էր նախագահական նստավայրին առջեւ աւելի քան տասնօրեայ նստացոյցի, որուն մասնակիցները կը պահանջէին անոր ազատ արձակումը։