Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինի Նիստը


Ապրիլ 21-ին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նիստը, որուն կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի  նախարար  Հրանուշ  Յակոբեան:

 Նիստը կը վարէր Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան:

 Նիստին կը մասնակցէին Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, ԱՄՆ-ի «Քալիֆոռնիա Քուրիեր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան, ԱՄՆ-էն լրագրողներ Յակոբ Վարդիվառեան եւ Պայծիկ Գալաճեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, ԵՊՀ Լրագրողներու բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան, ԵՊՀ լրագրողներու բաժանմունքի  դասախօս Աստղիկ Աւետիսեան, ՀՀ ՍՆ տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Բաղդասարեան, նախարարութեան այլ աշխատակիցներ: Հեռակապի միջոցով կը մասնակցէին Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Քիմ Գաբրիէլեան, Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չօլաքեան, Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան:

 Ողջունելով նիստի մասնակիցները` նախարարը նախ անդրադարձաւ Ապրիլ 2-6 Լեռնային Ղարաբաղի սահմանի ողջ երկայնքով Ատրպէյճանի իրականացուցած լայնածաւալ ռազմական յարձակումներուն: «Մեզ համար այդ ծանրագոյն օրերին Սփիւռքի հայկական համայնքները համախմբուեցին եւ ամենատարբեր, մեծածաւալ օգնութիւն ցուցաբերեցին Արցախին: Մինչ օրս Լեռնային Ղարաբաղում բացուած պաշտօնական հաշուեհամարին են փոխանցւում գումարներ, կազմակերպւում են դրամահաւաքներ, Արցախ են առաքւում հումանիտար բեռներ, Ռուսաստանից ուղարկւում են տարբեր մեքենաներ: Շնորհակալ ենք բոլորին: Հարկ է շեշտել, որ Սփիւռքում գործող մեր լրատուամիջոցների արագ արձագանքման շնորհիւ էր, որ մեր հայրենակիցներն անմիջապէս տեղեկացուեցին, համախմբուեցին եւ 50-ից աւելի երկրներում անցկացրին Արցախի պաշտպանութեանը նուիրուած ու Ատրպէյճանի ագրեսիան դատապարտող ցոյցեր, բողոքի երթեր, դատապարտող վերաբերմունք դրսեւորելու համար նամակներով դիմեցին իրենց բնակութեան երկրների իշխանութիւններին, – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով, – Ատրպէյճանն իրականացրել է ռազմական յանցագործութիւն եւ այդ մասին մենք պէտք է կարողանանք հնարաւորինս շատ գրել` իրականութիւնը ներկայացնելով համաշխարհային հանրութեանը, ձեւաւորելով Ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ ճիշտ պատկերացում եւ մօտեցում: Հայ ժողովուրդը 10 միլիոնանոց բանակ դարձաւ: Մենք պէտք է առաջ տանենք Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը: Միայն Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ եւ մէկ բռունցք դարձած մենք կը կարողանանք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները»:

 Համաժողովի մասնակիցները ներկայացուցին իրենց համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած զարգացումները եւ լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած արձագանքները:

 Օրակարգին մէջ էին հետեւեալ հարցերը` «Ատրպէյճանական նախայարձակման լուսաբանման խնդիրները տարածաշրջանի երկիրներու պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական լրատուամիջոցներուն մէջ», «Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ծրագիրները Սփիւռքի համայնքներուն մէջ», «Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի նիստերու թեմատիկան»:

 Անդրադառնալով «Ատրպէյճանական նախայարձակման լուսաբանման խնդիրները տարածաշրջանի երկիրներու լրատուամիջոցներուն մէջ» հարցին` նիստի մասնակիցները կարեւոր համարեցին հարցի քարոզչութիւնը օտար լեզուներով կազմակերպելու, ռազմական յարձակումներու օրերուն հայկական եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու համախմբուած աշխատանքին շնորհիւ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ապատեղեկատուական հոսքերուն մէջ չներքաշուելու եւ ի վերջոյ` Սփիւռքի համայնքներուն մէջ ազգային տուրք իրականացնելուն վերաբերող հարցերը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.