Համակարգային արմատական փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը


Խ. Տէր Ղուկասեան

Հայաստանի մէջ համակարգային բարեփոխման գործընթացը սկսած է:

Անցեալ Դեկտեմբեր 6, 2015ի ժողովրդային հանրաքուէով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, երկրի կիսանախագահական վարչակարգէն հարիւր տոկոսով խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցնելու ի նպաստ քուէարկած է մասնակցողներուն 63,4 տոկոսը: Հետեւաբար, անցումի գործընթացը ծայր առած է եւ անցումը իր բնոյթով անկասկած որ համակարգային է: Նման իրադարձութիւն եւ հեռանկար որեւէ երկրի ու հասարակութեան համար քաղաքական գործընթացի մասնակցութեան խանդավառութեան փաստ է ընդհանրապէս, անկախ նախաձեռնութեան թեր կամ դէմ կարծիքներու տոկոսէն: Որովհետեւ՝ նման համակարգային բարեփոխումի հեռանկար ե՛ւ քաղաքական շրջանակներու, ե՛ւ շարքային քաղաքացիի ընթացիկ կեանքին մէջ կը նշանակէ դրական թէ ժխտական իմաստով փոփոխութիւններ որոնց համար սպասելի է որ անոնք նախապատրաստուելու սկսին որոշումի կայացումէն անմիջապէս յետոյ:

Գիտենք որ Հայաստանի մէջ սահմանադրային փոփոխութեան հանրաքուէն նման խանդավառութիւն չստեղծեց: Ընտրողներու հազիւ յիսուն տոկոսը մասնակցեցաւ հանրաքուէին: Եւ եթէ միջազգային դիտորդներու հաստատմամբ հանրաքուէի արդիւնքին օրինականութիւնը կասկածի տակ չի դրուիր, նուազ մտահոգիչ պէտք չէ ըլլան այն բազմաթիւ խախտումները որոնք հրապարակային կերպով մատնանշուեցան եւ դատապարտուեցան ոչ միայն հանրաքուէին ընդդիմացողներուն կամ «ոչ»ի այլըտրանքի կողմնակիցներուն այլ, ի պատիւ իրենց, «այո» այլընտրանքին համար քարոզարշաւ կատարած եւ խախտումներու ականատես քաղաքացիներու իսկ կողմէ: Այս մէկը կը կարեւորուի ոչ միայն դերակատարներու արդարամտութիւնը ընդգծելու համար, այլ նաեւ ու մասնաւորաբար ի հետեւումս ժողովրդավար էթիկայի ամենահիմնական հասկացողութեան որ որեւէ նպատակ թէկուզ եւ ամենայն բարիք խոստացող չի կրնար իր անհրաժեշտութիւնը արդարացնել եթէ անոր հասնելու միջոցները չեն համապատասխաներ օրէնքի խստիւ գործադրման: Բայց անկախ հանրաքուի արդիւնքէն, սահմանադրական փոփոխութիւններու հաստատ հեռանկարը չ’արտացոլեր անոր պատրաստուելու նախանձախնդրութիւն: Այլ խօսքով՝ ե՛ւ հանրաքուէի, ե՛ւ անոր յաջորդած այս հանգրուանին քաղաքացիական հասարակութեան մէկ կարեւոր հատուածին մօտ անտարբերութեան առկայութիւնը կը մնայ տիրական:

Կարելի մտածել որ այս մէկը արդիւնք է հանրաքուէին ընդդիմացած հատուածներու աշխուժութեան: «Ոչ»ի զօրաշարժի անդրադարձի ժխտումը, անշուշտ, մեծամտութիւն է: Պէտք է ընդունիլ, որ ընտրողներու որոշ հատուածի մօտ առնուազն սահմանադրական փոփոխութիւնները Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան վրայ մնալու համահաւասարելու քարոզչութիւնը, որ, բնականաբար, հանրաքուէի նախաձեռնութեան էութիւնը գիտակցաբար եւ չարակամօրէն կը խեղաթիւրէր, իր որոշ արդիւնքը ունեցաւ: Այս չի նշանակեր, սակայն, որ հանրաքուէին դրականօրէն քուէարկողները Նախագահի կամ իշխող կուսակցութեան իշխանութեան վրայ յաւերժացնելու այլընտրանքին կողմնակից էին: Բայց յատկապէս սահմանադրական փոփոխութեան եւ հարիւր տոկոսով խորհրդարանական վարչակարգի սկզբունքին համոզուած եւ ի սկզբանէ անոր յանձնառու քաղաքական ուժին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար (ինքնա)քննադատական քննարկման խնդիր պէտք է ըլլայ համակարգային բարեփոխումի բարիքը, անոր ամենախոստմնալից այլընտրանքը ըլլալու համոզումը ժողովրդային զանգուածներուն ազդեցիկ կերպով փոխանցած ըլլալը: Ի դէպ, հակառակ հանրաքուէի աւարտին եւ գործընթացի սկիզբին՝ ընտրողներու 49է աւելի տոկոսին անտարբերութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ հարիւր տոկոսով խորհրդարանական կառավարման վարչակարգի ճիշդ այլընտրանք ըլլալու համոզման քարոզարշաւի շարունակումը:

Կարեւոր չէ թէ ինչո՛ւ Նախագահը անձնապէս, Հանրապետական Կուսակցութեան մէկ կարեւոր, թերեւս մեծամասնական, հատուածը տարիներ ընդդիմանալէ յետոյ համոզուեցան խորհրդարանական վարչակարգի իմաստութեան: Այս մէկը չի նշանակեր ժխտել անձնապէս նախագահ Սարգսեանի զօրակցութեան կենսական կարեւորութիւնը, ոչ ալ՝ Հանրապետականին անկեղծ ճիգը՝ հանրաքուէի «այո» այլընտրանքին ի նպաստ: Ոչ ալ շատ ժամանակ պէտք է վատնել հասկնալու համար որ տակաւին մոտիկ անցեալին Հ. Յ. Դաշնակցութեան եօթը կէտերուն զօրակցած ընդդիմութեան ուժերը յանկարծ կարծիք փոխեցին եւ կուսակցութեան այպանեցին իշխանութեան կողմն անցած ըլլալու համար: Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար Հայաստանի նակախացման առաջին օրէն իսկ քաղաքական ծրագրի մաս կը կազմէր խորհրդարանական վարչակարգը եւ եթէ անոր հասնելու համար կարողացաւ համոզել իր քաղաքական մշակոյթով իսկ նախագահական համակարգի աւելի մօտիկ Հանրապետականին ապա եւ ֆրանսական դարձուածքով՝ tant mieux!

Ցաւալի է որ սնանկացած ամբողջատիրութենէն անցումի գործընթացին համար այնքան անհրաժեշտ բազմակուսակցականութիւն առաջացնելու խորհրդարանական համակարգի ժողովրդավարականացման կարողականութիւնը ատենին չտեսան Հայոց Համազգային Շարժումի ղեկավարները: Թերեւս եթէ 1990ականներուն քաղաքական գործընթացը առաջնորդէր քաղաքական կուսակցութիւններու աւելի շուտ կայացման կարելի կ’ըլլար անխուսափելիօրէն հաստատուելիք ազատ շուկայական տնտեսական համակարգը զերծ պահել մենաշնորհներէ եւ օլիկարգներէ: Թերեւս եթէ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան օրերուն տնտեսական զարգացման անցողակիութեան գիտակից պահ մը սահմանադրական այս փոփոխութիւնը մէկ կողմ դրուած չըլլար, թէկուզ եւ այդ օրուայ Նախագահի սկզբունքային մերժումի առկայութեան որ կը շարունակուի մինչեւ օրս, իրավիճակը տարբեր ըլլար այսօր: Այդ բոլորով հանդերձ, այսօր իրողութիւն է համակարգային փոփոխութեան գործընթացը եւ աւելի քան երբեք մարտահրաւէր է քաղաքացիներուն համոզել որ գրաւը պէտք է դնել անոր խոստացած աւելի մասնակցողական ժողովրդավարութեան վրայ որպէսզի բարելաւուի իր կենսամակարդակը, որպէսզի վաշխառու կապիտալը իր իրաւունքները անպատիժ կերպով չբռնաբարէ, որպէսզի ոչ ոչ մենաշնորհը ունենայ ոչ հացին, ոչ ելեկտրականութեան, ոչ առողջապահութեան եւ ոչ ալ եկող սերունդներուն աւելի լաւ կեանքի գինը ճշդելու:

Նախքան Հանրապետական Կուսակցութեան հետ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնութիւնը, երբ Դաշնակցութիւնը իր եօթը կէտերու ծրագրով կը ներկայացնէր նաեւ համակարգային այս փոփոխութեան պահանջը յաճախ կը գործածուէր «արմատական» բառը: Անկախ իր բառարանային բագատրութենէն, քաղաքական հասկացողութեամբ «արմատական»ը հոմանիշ է ժողովրդական պայքարի, զանգուածներու մասնակցութեամբ վարէն սկսող շարժումի մը: Ընդհանրապէս «արմատական» փոփոխութիւնները իրենց բնոյթով յեղափոխական կ’ըլլան: Ի դէպ, արդի ժամանակներու յեղափոխութիւններու երեւոյթը 18րդ, 19րդ եւ նոյնիսկ 20րդ դարերուն միշտ ալ յանգած է ժողովրդային ներկայացուցչական համակարգերու որքան ալ որ յետոյ կարգ մը յեղափոխութիւններ վերաճած են բռնատիրութեանց եւ ամբողջատիրութիւններու հաստատման –ինչպիսին է պարագան գրեթէ բոլոր այն յեղափոխութիւններուն որոնք կատարուած են լենինեան յառաջապահ կուսակցութեան բնորդին հետեւումով: Ճիշդ է որ Կանտիի, Մարթին Լուտեր Քինկի, Նելսոն Մանտելայի եւ աւելի յետոյ Արեւելեան Եւրոպայի այլախոհական շարժումի այլընտրանքները եկան ցոյց տալու որ յեղափոխութիւնը այնպայմանօրէն զինեալ պայքար չէ ինչպէս քաղաքական ամբողջ մշակոյթ մը ցարդ կ’ենթադրէր: Բայց այդ մէկը զանգուածային զօրաշարժով առաջացած փոփոխութիւնը նուազ արմատական չէր դարձներ: Ի դէպ, այդ երեւոյթի գիտակցութեամբ է որ Միացեալ Նահանգներու մէջ յառաջդիմական մտածողներ ինչպէս Ճին Շարփ բանաձեւեցին «ժողովրդավարական յեղափոխութիւն» հասկացողութիւնը եւ անոնց տեսութիւններու հետեւումով առաջին անգամ ըլլալով Պելկրատի մէջ 1999-2000 տարիներուն ժողովրդային զօրաշարժի ճնշումին տակ իշխանութենէ հրաժարեցաւ Սլոպոտան Միլոսեւիչ: Իրողութիւնը նախընթաց մը ստեղծեց եւ փորձառութեան յաջող կրկնումը Վրաստանի այսպէս կոչուած «Վարդերու Յեղափոխութեամբ» առաջացուց այնպիսի խանդավառութիւն որ ոմանք աւետեցին «գունաւոր յեղափոխութիւններ»ու ժամանակաշրջանը… Այսօր գիտենք որ այդ ճամբան բռնած բոլոր զանգուածայիմ զօրաշարժերը, որքան ալ որ անկեղծ ըլլան իրենց ձգտումներուն մէջ, երբ չեն յաջողիր տեղական թէ միջազգային մեծ կապիտալի ֆինանսաւորման պայմանաւորումներէն ձերբազատուիլ լաւագոյն պարագային կիսայաջողութիւններ կ’ըլլան իրենց խոստացած վարչակարգային «արմատական» փոփոխութիւններու իմաստով:

Հայկական իրականութեան մէջ, մինչեւ Հայաստանի անկախացումը, յեղափոխութեան իմաստով երկու քաղաքական մշակոյթ կար: Առաջինը, որ մինչեւ այսօր տիրական է, 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբի ազգային-ազատագրական շարժման հաւաքական յիշողութիւնն է, երկրորդը Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» բանաստեղծութեան ընդմէջէն արտայայտուած լենինեան բնորդն է որ, պարզ է, ժողովրդային փորձառութենէն չծնաւ այլ պարտադրուեցաւ պոլշեւիկեան ամբողջատիրութեան կողմէ: Քսաներորդ դարու վերջաւորութեան միջազգային համակարգի փոփոխութեան ոլորտին մէջ հայութիւնը, մանաւանդ հայրենաբնակ հայութիւնը, ապրեցաւ երկու բնոյթի յեղափոխութիւն: Առաջինը Արցախի ազգային ազատագրական պայքարն էր՝ հարիւր տոկոսով հարազատ դարասկիզբի հայկական յեղափոխութեան բնորդին: Երկրորդը Հայաստանի անկախացման հոլովոյթն էր որ օրին հիմնականօրէն Հայոց Համազգային Շարժումի առաջնորդութեամբ հետեւեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի եւ խորհրդային տարածքին արդէն սկսած զօրաշարժերու տարբերակին: Երկուքն ալ յաջողութեամբ պսակուեցան, սակայն պարզ է որ Հայաստանի մէջ էր որ գործնականացուեցաւ քաղաքական եւ տնտեսական անցումը որ առաջին երեք տարիներուն ժողովրդավարական գրեթէ օրինակելի հոլովոյթ մը ըլլալէ յետոյ 1994ի աւարտին վիժեցաւ երբ օրուայ Նախագահը գլխաւոր ընդդիմադիր ուժի՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան արգիլումով կասեցուց խորհրդարանական առողջ բանավէճի հոլովոյթը եւ անարգել առաջացաւ անկախ Հայաստանի վարչաքաղաքական եւ տնտեսական համակարգը նէօլիպերալի բացարձակ չափանիշերով հաստատագրելու իր ծրագրին մէջ: Արդիւնքով ընթացք առաւ օլիկարգային այն հասարակարգը որ կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր որովհետեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն յետոյ տնտեսական քաղաքականութիւնն ու օլիկարգային համակարգը ոչ մէկ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ այլ, ընդհակառակը, աւելի եւս խորացաւ:

Սկսած 1996ի նախագահական ընտրութենէն մինչեւ անցեալ տարի ծաւալած ժողովրդային բողոքի շարժումները կու գան ցոյց տալու որ Հայաստանի վարչաքաղաքական համակարգը եւ տնտեսական հասարակարգը անհրաժեշտ կը դարձնեն արմատական փոփոխութիւնները: Ժողովրդային ասացուածքով շան գլուխը թաղուած է հարստութեան էապէս անարդար բաժանման իրողութեան մէջ: Ազատ շուկայականութեան դիմակ դրած մենաշնորհային դրամատիրութիւնը հանգած է հարստութեան ե՛ւ դասակարգային, ե՛ւ աշխարհագրական կեդրոնացման՝ հանրապետութիւնը վերածելով քաղաք-պետութեան եւ ժողովրդային խաւերու, ներառեալ ծնունդ առած եւ զարգացման հոլովոյթ ապրող մասնագէտներու կազմած միջին դասակարգին, կենսամակարդակի բարելաւման եւ լաւագոյն ապագայի յոյսը հարկերու բեժին տակ ճնշելով: Այդուհանդերձ, սկսած 1994ի «գունաւոր յեղափոխութեան» ֆոլքլորէն մինչեւ վերջին տարիներու զօրաշարժերը Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն հասկացողութիւնը վերածուած է կամ պատեհապաշտութեան կամ ալ արկածախնդրութեան: Պատահական չէ որ ամէն անգամ որ առիթ ստեղծուած է զօրաշարժը ներշնչող դէմքը կամ կազմակերպութիւնը չեն յաջողած այն վերածել քաղաքական հոլովոյթի, չըսելու համար որ հիասթափած են իրենց հետեւորդներուն: Առանց երբեք մոռնալու արտաքին սպառնալիքի առկայութիւնը որքան ալ որ այն յաճախ շահագործուի որպէս զսպաշապիկ հասարակական բողոքներուն դէմ: Սահմանադրական փոփոխութեան գործընթացը, հետեւաբար, ամենէն բանական այլընտրանքն է երկրի եւ ժողովուրդի իրավիճակի բարելաւման ի խնդիր:

Սահմանադրական փոփոխութիւնը յեղափոխութիւն չէ, ժողովրդային գործընթաց է որ պէտք ունի ժամանակի եւ, մանաւանդ, ընդհանուր համախոհութեան եւ փոխ-զիջումի: Ատով հանդերձ, սահմանադրական փոփոխութիւնը իր հետ պէտք է բերէ իրավիճակի արմատական բարելաւման համոզում որ պէտք է հասնի ժողովրդային բոլոր խաւերուն եւ ապահովէ անոնց մասնակցութիւնը: Ի մասնաւորի երբ նախաձեռնութեան ետին կանգնած է քաղաքական ուժ մը որուն մշակոյթին մէջն է յեղափոխականութիւնը, որ իր ընկերվարական գաղափարախօսութեամբ եւ ծրագրով յանձնառու է ընկերային արդարութեան եւ որ անցեալին, թէկուզ եւ շատ կարճ ժամանակի համար, ապրած է փորձառութիւնը խորհրդարանական վարչակարգի ճամբով սոցիալական պետութեան ստեղծման ձգտելու: Այս հսկայ մարտահրաւէրն է որ Դաշնակցութիւնը միշտ դիմագրաւած է Հայաստանի անկախութենէն ի վեր: Այս մարտահրաւէրը չէ փոխուած Դաշնակցութեան իշխանութեան մաս կազմելով: Ընդհակառակը, աւելի սուր կերպով կը դրուի այն որովհետեւ այլեւս հարց չէ միայն այն ներկայացնել ընդդիմութեան դիրքերէն, այլ փորձել գործով ցոյց տալ որ կարելի է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.