Սփիւռքեան Խնդիրներու Մասին Խորհրդաժողով


ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

 Երեւանի ՀՅԴ Երիտասարդականի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ 27-28 Փետրուարին տեղի ունեցաւ երկօրեայ տեւողութեամբ խորհրդաժողով մը՝ Սփիւռքի ազգային ինքնութեան հարցերու քննարկման նուիրուած:

Ծաւալուն ու տարողունակ օրակարգ, որուն քննարկումը կատարուեցաւ վեց ենթաբաժիններով՝ իւրաքանչիւրին համար յատկացուած առանձին նիստով.

ա. Սփիւռքեան համայնքներու կազմութիւն եւ ազգային ինքնութեան հոլովոյթ.

բ. Հայեցի դաստիարակութիւնը 21րդ դարուն. յամեցող եւ նոր մարտահրաւէրներ.

գ. Համաշխարհայնացում եւ ազգային մշակոյթ.

դ. Ազգային ինքնութիւնը շեշտադրող գործադաշտեր եւ համացանցի օգտագործում.

ե. Ազգային ինքնութիւն եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն.

զ. Հայաստանի դերը Սփիւռքի ազգային դիմագիծի շեշտումին մէջ։

ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնած այս խորհրդաժողովին սփիւռքեան տարբեր երկիրներէ ժամանած ժողովականները հետեւեցան նշուած ենթաբաժիններուն առնչուած եւ մտաւորական ընկերներու կողմէ պատրաստուած խորքային վեց զեկուցումներու, որոնց գրաւոր պատճէնները նախապէս եւ ի նկատառում արդէն իսկ դրուած էին մասնակցողներու տրամադրութեան տակ:

Զեկուցումները, ժողովականներու կողմէ կատարուած քննարկումներն ու արտայայտուած համահունչ թէ հակահունչ տեսակէտները, ընդհանուր առումով, կը պարզէին երկու մակարդակ ու մօտեցում. նախ՝ Սփիւռքը ինքն իր մէջ, իր իւրայատկութիւններով ու տագնապներով, իր կարելիութիւններով ու առաջնահերթութիւններով, ապա նաեւ՝ Հայաստանի ընելիքը Սփիւռքին համար:

Դաշնակցականի դիտարկումով եւ ժողովականներու գրեթէ բոլորին հաստատումով, սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւններով զարգացող, բազմալեզու, բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ բազմաշերտ իրականութիւն մըն է՝ հայ ազգի 2/3ը ներկայացնող համրանքով: Իր կարելիութիւններով եւ մասնագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ աճող իբրեւ մարդուժի աղբիւր՝ կարեւոր ազդակ է անիկա եւ ունի ուժականութիւնը գործնապէս նպաստելու Հայաստանին, ազգային պետականութեան ամրապնդման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ղարաբաղեան դատին եւ ազգային-քաղաքական ներկայ ու հեռահար նպատակներու իրացման պայքարին: Անհրաժեշտ է միտքերու մէջ ամրագրել ու միշտ շեշտել, որ Հայատանն է Սփիւռքի տեւելիութեան երաշխիքը: Սփիւռքի գոյութիւնը կ՛իմաստաւորուի, անոր ներգործօն դերակատարութիւնը կ՛ապահովուի այնքա՛ն ժամանակ, որ անիկա կառչած կը մնայ Հայաստանին, միացեալի մեծ նպատակին, եւ իր կարելիութիւնները կ՛ուղղորդէ դէպի հայրենիք:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա նախ պէտք է յստակացնել, թէ հայրենի հասարակութեան ու քաղաքական վերնախաւի մտապատկերին մէջ ինչպիսի՛ ընկալում ձեւաւորուած է Սփիւռքի մասին: Հայաստանին համար ի՞նչ կը նշանակէ կազմակերպուած Սփիւռք, եւ ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ կը պատկերացուին ապագային՝ յստակացնելով միաժամանակ գործադաշտերն ու գործամիջոցները:

Յամենայնդէպս, իր տեսակին մէջ եզակի եւ յանդուգն նախափորձ մը կարելի է համարել ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնած այս խորհրդաժողովը, որ բնականաբար յաւակնորդ չդարձաւ եզրակացութիւններ բանաձեւելու, այլ պարզապէս բաւարարուեցաւ յայտնուած տեսակէտները նօթագրելով:

Թեման կը մնայ բաց, հաւանաբար նաեւ՝ երկար ժամանակ ուսումնասիրելի: Զեկուցողներէն մին իրաւացիօրէն կ՛արձանագրէր, որ թերեւս անհրաժեշտ են քանի մը գիտամշակութային համագումարներ, բացայայտելու համար թեմայի ծաւալն ու տարողութիւնը: Պատկերացուցէ՛ք… ոչ թէ լուծումներ գտնելու, այլ՝ ծաւալն ու տարողութիւնը յստակացնելու:

Կ՛արժէ կրկնել փորձը, այս անգամ սակայն՝ զայն չսահմանափակելով միայն կուսակցական ոլորտի մէջ:

Նոյնպէս, կ՛արժէ հրապարակային քննարկման ենթարկել այս ծաւալուն թեման:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.