Իսրայէլի խորհրդարանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի քննարկում…


Երուսաղէմի  Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւան «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան յայտնեց թէ յառաջիկային յայտնի պիտի դառնայ թէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նախագիծը ե՞րբ մաս պիտի կազմէ Իսրայէլի խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին։  

«Մենք այժմ կ՛աշխատինք յստակ ժամկէտ մը ճշդելու ուղղութեամբ։ Կ՚ակնկալենք որ յառաջիկային այդ թուականը յայտնի պիտի ըլլայ։ Ինչպէս ծանօթ է, ցեղասպանութեան մասին նախագիծը քննարկուած է Խորհրդարանի կրթութեան, մշակոյթի ու մարզանքի հարցերով յանձնաժողովին կողմէ եւ հիմա կը սպասենք որ հարցը ներառուի նաեւ լիագումար նիստի օրակարգի վրայ ու քննարկուի», նշեց Յակոբ Սեւան։

Ան ըսաւ որ Իսրայէլի մէջ նկատելի են Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հետ առընչակից դրական իմաստով փոփոխութիւններ։ «Իսրայէլի Քնեսէթի  մօտեցումներուն մէջ ցեղասպանութեան հարցի առընչութեամբ վերջին տարիներուն բաւական մեծ յառաջընթաց մը արձանագրուած է։ Մենք կ՚աշխատինք տարբեր հարթակներու վրայ, տարբեր մակարդակներու վրայ։ Մասնաւորաբար աշխատանք կը տարուի  այն երեսփոխաններուն հետ, որոնք դրական դիրքորոշում ունին Հայոց ցեղասպանութեան հարցի շուրջ», դիտել տուաւ Սեւան։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.