ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ Գանատայի կառոյցներու միջ-կուսակցական հանդիպում


Փետրուար 14-ին Քինկսթընի մէջ կայացաւ Գանատայի ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ կուսակցական կառոյցներու պատուիրակութիւններու միջ-կուսակցական խորհրդակցական հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկման բովէ անցան համագաղութային շարք մը հարցեր։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայապահպանութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան հարցերը։ Շեշտուեցաւ միջ-յարանուանական եւ միջ-թեմական գետնի վրայ գաղութային համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։

Յատուկ շեշտ դրուեցաւ Գանատայի քաղաքական կուսակցութիւններու եւ յատկապէս իշխանութիւններու քաղաքականութեանց մէջ հունաւորել Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ ուղղուածութիւն։

Այլ գետնի վրայ, հանդիպման մասնակից կողմերը վերահաստատեցին վերանորոգ  թափով շարունակելու Սուրիահայութեան օժանդակութեան առաքելութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին որոշուեցաւ, որ իբրեւ Գանատայի  պետութեան պարկեշտ քաղաքացիներ, Գանատահայութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ Գանատայի հիմնադրութեան 150-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւններուն։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու Գանատայի կառոյցներու ներկայացուցիչները որոշեցին նաեւ համագաղութային տարողութեամբ ոգեկոչել Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.