Չեխիա Բանաձեւ Կ՛որդեգրէ Սաֆարովի Արտայանձնման Առնչութեամբ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 23 Հոկտեմբերին Չեխոյի խորհրդարանի արտաքին գործոց, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան կոմիտէն՝ կոմիտէի նախագահ  Եոզեֆ Ռեկեցի նախագահութեամբ, միաձայնութեամբ ընդունած է ծերակուտական Եարոմի Շտետինայի հեղինակած բանաձեւը, որով ան իր խոր մտահոգութիւնն ու ափսոսանքը կը յայտնէր Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ Հունգարիոյ մէջ դատապարտուած մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու գծով:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի. «Կոմիտէն իր խոր մտահոգութիւնն ու ափսոսանքը կը յայտնէ այն գծով, որ Ատրպէյճանի նախագահը իր որոշումով ներում շնորհած է Ռամիլ Սաֆարովին, զոր Եւրոպական Միութեան անդամ պետութեան դատարանը դատապարտած էր՝ սպանութիւն կատարած ըլլալուն համար։ Նման որոշում մը՝ իբրեւ խորհրդանշական քայլ, կրնայ պատճառ դառնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան, կապերու առաւել սրման, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այն գծով, որ այս որոշումը պիտի խոչընդոտէ հակամարտութենէն տուժած հասարակութիւններու հաշտեցման գործընթացը եւ վտանգի տակ պիտի դնէ տարածաշրջանին մէջ անձնական կապերու խաղաղ զարգացման ապագայ կարելիութիւնները. կը յանձնարարենք, որ իբրեւ կոմիտէի նախագահ, ծերակուտական Եոզեֆ Ռեկեց սոյն բանաձեւին մասին տեղեկացնէ Ծերակոյտի նախագահը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.