Թուրք Գրողը Կ՛երազէ Անգարայի Մէջ Տեսնել Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշակոթող


Հայկական հարցին մասին բազմաթիւ գիրքեր հրատարակած թուրք գրող Քեմալ Եալչըն, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Հայաստան,  կը հաւատէ, որ կու գայ օր մը, երբ Անգարայի մէջ նոյնպէս կը կառուցուի Հայող ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ ըստ News.am-ի՝ այսօր, Հոկտեմբեր 14-ին, Քեմալ Եալչըն նշած է, որ թուրքերուն`  հայերու հանդէպ իրականացուցած  Ցեղասպանութիւնը հիմա ալ կը շարունակուի, քանի դեռ Թուրքիան զայն չէ ընդունած:

«Այժմ կու գամ Ծիծեռնակաբերդէն, շատ յուզուած եմ, յստակ կը գիտակցիմ, որ հայերուն ցաւը նաեւ իմ ցաւս է: Հայոց ցեղասպանութեան մասին քանի մը գիրք գրած եմ, բայց գիտեմ, որ ատիկա ոչինչ է այն ցաւին դէմ, ինչ որ դուք կը զգաք: Թուրքիան պէտք է առերեսուի իր պատմութեան հետ, ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, հակառակ պարագային տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ»,- ըսած է Քեմալ Եալչըն:

Թուրք գրողին խօսքով` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Թուրքիան աշխարհի մէջ մինակ մնացած է` կրկնելով 1915թուականէն ետք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ միշտ հնչեցուած նոյն «երգը»` Օսմանեան կայսրութիւնը հայերու հանդէպ ցեղասպանութիւն չէ իրականացուցած:

«Էրտողանը, երբ նոր եկաւ իշխանութեան, խոստացաւ, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որ հայկական հարցը դրական ընթացք ունենայ, սակայն ան ալ խաբեբայ դուրս եկաւ: Հրանդ Տինքի շնորհիւ 1990-ին սկսած Թուրքիոյ մտաւորականները Հայոց ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնել սկսան, որ Թուրքիոյ մէջ մինչ այդ չտեսնուած երեւոյթ էր, սակայն մտաւորականները կը հալածուին, ինչպէս որ եղաւ Հրանդ Տինքի պարագային: Սակայն կրնամ ըսել, որ վերջին տարիներուն այս առումով Թուրքիոյ մէջ բաւական դրական փոփոխութիւններ կը նկատուին, մտաւորականները, արուեստի ներկայացուցիչները կրնան բացէիբաց ներկայացնել իրենց կարծիքը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ»,- ըսած է Քեմալ Եալչըն:

Թուրք գրողը կը կարծէ, որ հայկական հարցի լուծման համար Թուրքիան պէտք է Հայաստանին տարածքային, նիւթական եւ մշակութային փոխհատուցում տայ: Ըստ անոր՝ միայն այդ ճանապարհով հնարաւոր է երկու երկիրներու միջեւ վերականգնել բարեկամութիւնն ու խաղաղութիւնը: «Եղբայրութեան ձգտող ժողովուրդի համար խաղաղութիւնը ամէն ինչէն կարեւոր է, ես կը կարծեմ, որ հայկական հարցին պէտք է այնպիսի լուծում տալ, ինչպէս որ հայերը կ՛ուզեն»,- ըսած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.