Գանատայի Մոնքթոն քաղաքին մէջ տեղադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշաքար
Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ. 1-էն 4 Հոկտեմբեր Գանատայի Նիւ Պրանզվիք նահանգի Մոնքթոն քաղաքին մէջ Գանատայի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութեան հովանիի տակ կայացաւ Մոնքթոնի 6-րդ հայկական փառատօնը։ Արդէն աւանդական դարձած փառատօնը այս տարի նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին։
«Փառատօնը մեկնակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչմամբ, որու ծիրին մէջ Գանատայի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եգանեանն ու Մոնքթոնի քաղաքապետ Ժորժ ԼըՊլանը բացումը կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարին եւ տնկեցին յիշատակի ծառը։
«Փառատօնի մշակութային ծրագրին մէջ ներկայացուցեան հայկական երգն ու պարը՝ «Զուլալ» աքափելլա եռեակի եւ Մոնթրէալի «Գառնի» պարախումբի կատարումներով, ինչպէս նաեւ յօրինող Գրիգոր Առաքելեանի, սոփրանօ Ալին Քութանի եւ ուրիշներու կատարումներն ու հայ գեղանկարիչ Կարեն Պետրոսեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը։
«Փառատօնի օրերուն Մոնքթոնի համալսարանին մէջ կայացաւ միջազգային գիտաժողով «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները» խորագիրով»։