Ծանրաբարձութիւն. Մարզպետ Մինասեան` Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր


marzbed-minassyan_10-05-15

Քլայպեթա (Լաթվիա) քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար կռփամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Մարզպետ Մինասեան (56 քկ) յաջողեցաւ Հայաստանին ապահովել պրոնզէ մետալ մը` 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ:

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ երկամարտին Մինասեան յաջողեցաւ բարձրացնել 227 քկ (107+120):

Նշենք, որ անկէ 7 քկ-ով ետ մնաց Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Դաւիթ Դաւայեան:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.