Կարօ Սասունիի «Լեռներու Խորհուրդը» ֆրանսերէնի թարգմանուած


2014ին «Parentheses» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած էր Սասունիի (գրչանուն՝ Վիգէն Գլակ) «Le Chasseur» («Որսորդը») վերտառութեամբ հատորը, որ 1934ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած «Լեռներու Խորհուրդը» գիրքի թարգմանութիւնն է (թարգմանիչ՝ Բաբգէն Սասունի): Վերջաբանը ստորագրած է Ա. Տէր Մինասեան:

  «Լեռներու Խորհուրդը» հաւաքածոն գրուած է Փարիզի եւ Հալէպի մէջ, բայց հրատարակուած Պէյրութի մէջ, 1934ին, ուր վերջնականապէս կը հանգրուանէր հեղինակը՝ քսան տարիներու թափառական կեանք վարելէ ետք: Գիրքը, ձեւով մը, Սասունիի ինքնակենսագրութիւնն է՝ լերան լանջին թառած Սասնայ Ահարոնք գիւղի հայելին, ուր փոքրիկ Կարօն ազատ եւ ուրախ մանկութիւն մը ապրած է: Սասունի մինչեւ իր կեանքի վերջը իր կորսուած հայրենի գիւղին կարօտը ունէր, միշտ յիշելով կանաչ պարտէզները, պտղատու ծառերը, աղբիւրները, շատրուանները, անթիւ ու անհամար կլկլացող առուակները, վայրի ու ընտանի կենդանիները եւ շրջապատի լեռները…

 Կարօ Սասունի ծնած է 1888ին (կամ 1889ին), Սասունի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ահարոնք գիւղը, հողագործ ընտանիքի մը մէջ: Մայրը (Աննա մայրիկ) զինք աշխարհ բերած է դէպի Սուրբ Կարապետ վանքի ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ, ուրկէ ալ իր Կարապետ անունը (Կարօ):

Ծննդավայրին մէջ որոշ գիտելիքներ ձեռք բերելէ ետք, 1901ին, ղրկուած է Մուշ եւ իր ուսումը շարունակած Տարօնի շրջանի Մուրատ Մխիթարեան միակ երկրորդական վարժարանը: 1906ին միացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն: Այնուհետեւ երկու տարի դասաւանդած է Տիարպեքիրի դպրոցներուն մէջ: Երիտ. թուրքերու յեղափոխութեան օրերուն, Ս. Կիրակոս Մայր տաճարին մէջ, որ շուրջ վեց հազար հոգիի տարողութիւն ունէր, արտասանած է իր առաջին ճառը 1908ին, երբ հազիւ 20 տարեկան էր: Ապա աշխատակցած է ՀՅԴի ուսանողական «Երկունք» թերթին եւ հետաքրքրուած է ժամանակակից գրականութեամբ ու գրական հանդէսներով: 1913ին Սիմոն Զաւարեանի ազգային յուղարկաւորութեան ընթացքին խօսք առած է Դանիէլ Վարուժանէն ետք։

1914-1924 տարիները ճակատագրական եղան Հայոց աշխարհին համար: Երիտասարդ Կարօ Սասունի այդ ընթացքին ներկայ էր բոլոր ճակատներուն վրայ՝ Կովկաս, Մուշ, Տարօն: 1916ին ան կը միանայ Ռուբէն Տէր Մինասեանին, եւ միասնաբար կը ձեռնարկեն Ցեղասպանութենէն ճողոպրած քանի մը հազար վերապրողներու դէպի Կովկաս փոխադրութեան աշխատանքին: Ան Թիֆլիսի մէջ կը զբաղի գաղթականներու հոգատարութեամբ եւ այնուհետեւ Երեւանի մէջ կը հանդիպի իր ժամանակակից գրողներուն՝ Զապէլ Եսայեանին, Լեւոն Շանթին, ինչպէս նաեւ ֆէտայիներուն՝ Անդրանիկին, Սմբատին, Սեպուհին: 1919ին Երեւանի երկրորդ խորհրդարանի երեսփոխան կ՛ընտրուի, իսկ տարի մը ետք՝ Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) քաղաքապետ:

1922ին կը սկսի Սասունիի թափառական կեանքը՝ Պուլկարիա, Զուիցերիա, Աւստրիա եւ ապա Ֆրանսա, ուր կը հաստատուի 1924ին: Փարիզեան արուարձան Շաւիլի մէջ (հոն իրեն կը միանայ իր ընտանիքը) կը հաստատէ փոքրիկ ընկերութիւն մը: Ազգային-քաղաքական գետնի վրայ կը գործէ յանուն ՀՅԴի նպատակին՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին: Հայ լրագրութեան զարթօնքի օրերուն («Հայրենիք»՝ Պոսթըն եւ «Յառաջ»՝ Փարիզ) կը նուիրուի գրականութեան: Ան միշտ կը վերլուծէ եւ կը փորձէ հասկնալ 1915ի իրադարձութիւնները: Այս նիւթին շուրջ ան կը հրատարակէ ակնարկ մը, որ բանավէճի դուռ կը բանայ:

 1933ին կը փոխադրուի Հալէպ, հոնկէ ալ՝ Պէյրութ: Այնտեղ, ի շարս այլոց, կը հրատարակէ արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը, իսկ 1962ին կը հիմնադրէ «Բագին» գրական հանդէսը, իր սիւնակները տրամադրելով Սփիւռքի երիտասարդ գրողներու ստեղծագործութիւններուն: Կարօ Սասունի մահացած է 1977ին եւ կը հանգչի Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.