Արտակ Ալեքսանեան Կոլի Եւ Ինքնակոլի Հեղինակ


ardag_9-09-15

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արմաւիրի Թորփետոն, ուր հանդէս կու գան Ուլիս Երեւանի շարք մը ֆութպոլիստներ, իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պալթիքա Քալինինկրատէն:

Մրցումին հաշիւը բացաւ հայազգի միջնապահ Արտակ Ալեքսանեան` սխալմամբ իր բերդին մէջ:

64-րդ վայրկեանին Պալթիքա թէեւ 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ, սակայն այդ կոլէն 3 վայրկեան ետք Ալեքսանեան փենալթիով նշանակեց կոլ մը` ի նպաստ Թորփետօ Արմաւիրի:

Ան 80-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, կ՛եզրափակէ TotalFootball.am:

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.